''Ասիայի Կաթողիկէ Աշխարհականներու Հաւաքը'' Զարկ Տալու Ցամաքամասի Աւետարանութեան։
Աշխարհականներու քահանայապետական խորհուրդը Ասիոյ կաթողիկէ աշխարհականներըժողովի կանչած
է , յառաջիկայ 31 Օգոստոսէն մինչեւ 5 Սեպտեմբեր, ունենալով որպէս բնաբան ''Հռչակենք Քրիստոսը
Ասիայի մէջ''։ Համագումարը կազմակերպուած է Քորէայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի
եւ աշխարհականներու ազգային խորհուրդի կողմէ. անոր կը մասնակցին աւելի քան 400 հոգի։
Զեկոյցները կը կեդրոնան հետեւեալ նիւթերու շուրջ. Առաջին Եկեղեցւոյ 2000 տարուայ առաքելութիւնը
Ասիայի մէջ`Աւետարանութեան, սրբութեան, նահատակութեան զանազան եղանակներ։ Երկրորդ
Յիսուս Քրիստոս` պարգեւ մըն է Ասիայի` այսօրուան աւետարանութեան պահանջը, պարտականութիւնը
եւ մարտահրաւէրը։ Սեպտեմբեր 5-ին հանդիսաւոր պատարագով փակումը կը կատարուի հաւաքին,
որուն աւարտին բոլոր ժողովականները պիտի ընդունին առաքելական-միսիոնարական հրահանգ, որպէս
նշան իրենց յանձնառումին՝ ՜՜քարոզելու Աւետարանը Ասիայի բոլոր ժողովուրդներուն՝՝։