2010-08-23 11:59:20

''Յոյս Եւ Տարակոյս'' Պաղեստինի Եւ Իսրայէլի Ուղղակի Բանակցութիւններու Մասին Նախաձեռնուած ԱՄՆի Նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ


''Յոյս Եւ Տարակոյս'' Պաղեստինի Եւ Իսրայէլի Ուղղակի Բանակցութիւններու Մասին Նախաձեռնուած ԱՄՆի Նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ' Յառաջիկայ Երկու Սեպտեմբերին Ուաշինկթոնի Մէջ։

Այդ ուղղութեամբ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարը Պան Քի Մուն իր գոհունակութիւնը յայտնած է։ Արաբներն ալ ընդգծեցին հարկաւորութիւնը բնակեցման աշխատանքներու դադրեցումին, որպէս նախապայման կլոր սեղանին։ Իսրայէլը իր կարգին յայտնած է թէ պաղեստինեան ապագայ պետութիւնը պէտք է Իսրայէլը ճանչնայ իբրեւ հրէական պետութիւն՝ աւելցնելով, որ պաղեստինեան պետութիւնը ապազինեալ պէտք է ըլլայ։ Նեթանիահու աւելցուց, որ եթէ պաղեստինեան կողմը հանդէս գայ իբրեւ խաղաղութեան գործընկեր, կրնանք արագօրէն երկու ժողովուրդներուն միջեւ պատմական համաձայնութիւն մը գոյացնել։

Եգիպտական պետական լրատուամիջոցները, երէկ, հաղորդեցին որ Եգիպտոսի նախագահ՝ Հիւսնի Մուպարաք ընդունած է բանակցութեանց բացման նիստին ներկայ գտնուելու ամերիկեան հրաւէրը։ Յորդանանեան պետական Փեթրա լրատու գործակալութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ Յորդանանի Ապտալլա թագաւորը եւս ընդունած է հրաւէրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.