2010-08-21 10:19:09

Սպանիոյ Մայրաքաղաքը Կը Պատրաստուի Ընդունիլ Երիտասարդութեան Համաշխարհային Հաւաքը։


Սպանիոյ կաթողիկէ եկեղեցին կը պատրաստուի Մատրիտի մէջ ընդունիլ աւելի քան երկու միլիոն երիտասարդներ եկած՝ աշխարհի բոլոր վայրերէն միասնաբար տօնախմբելու՝ ՜՜ երիտասարդութեան համաշխարհային օրը՝՝։

Երիտասարդները 16-18 օգոստոս 2011ին, պիտի համախմբուին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին շուրջ։ Զանազան երկիրներու պատուիրակներ Սպանիոյ մայրաքաղաքը կը հասնին երաշխաւորելու իրենց երիտասարդներուն Մատրիտ կեցութիւնը։ Մատրիտի երիտասարդութեան հաւաքի կազմակերպիչները կը նախատեսեն աւելի քան երկու ու կէս միլիոն երիտասարդներու մասնակցութիւնը։ Արդէն աւելի քան 450 հազար երիտասարդներ արձանագրուած են իրենց թեմերուն մէջ։ Այսպէս Իտալիոյ մէջ արդէն արձանագրուած են 150 հազար երիտասարդ, 70.000 ֆրանսացի, 50.000 լեհ, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ.էն 50.000 երիտադարդ։ Բնակութեան վայրերը արդէն սահմանուած են, չորս հազար կամաւորներ արդէն գործի լծուած են։

Ի դէպ, կ'ակնկալուի մասնակցութիւնը աւելի քան 20.000 կամաւորներու։








All the contents on this site are copyrighted ©.