Լորիս Ճգնաւորեան Պիտի Ստանձնէ Կլենտէյլի Սիմֆոնիքի Ղեկը
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- ,Glendale News Press օրաթերթը կը տեղեկացնէ, թէ Երեւանի, Վիեննայի ու Լոնտոնի
մէջ շարք մը նուագախումբեր ղեկավարած Լորիս Ճգնաւորեան ժամանակաւորապէս պիտի ստանձնէ
Կլենտէյլի սիմֆոնիք նուագախումբի խմբավարին պաշտօնը: