2010-08-21 10:21:29

Զուիցերիոյ Եկեղեցիներու Մէկ Պատուիրակութեան Գնահատումով Հիւսիսային Իրաքի Քրիստոնեաներու Կացութիւնը Բարելաւուած Է։


Իրաքի Հիւսիսայւն Շրջանը Քրիստոնեայ Իրաքցիներու Համար Անվտանգ Ապաստանարան Մըն Է։

Զուիցերիոյ եկեղեցիներու մէկ պատուիրակութիւնը վերջերս շրջապտոյտ մը կատարած է Իրաք։ Պատուիրակաթիւնը վերադարձին ելոյթ ունեցած է մամուլին հետ եւ գնահատած՝ թէ հիւսիսային Իրաքի մէջ քրիստոնեաները նպաստաւոր ապստանարան մը գտած են։ Քրիստոնեաները բարձր պաշտօններու տէր են եւ քիւրտ կառավարութիւնը շինարարութեան շտապ օգնութիւն կու տայ քրիստոնեաներուն։ Զուիցերիոյ եկեղեցիները մտադիր են դրամական օգնութիւն շնորհել իրաքցի բոլոր քրիստոնեաներուն, որոնք այդ վայրին մէջ ապաստան գտած են։ Նոյնպէս մտադիր են նիւթական նպաստ բերել դաստիարակութեան ուղղութեամբ։ Նշենք թէ եկեղեցական դաստիարակչական հաստատութիւնները շատ գնահատուած են Իրաքի մէջ եւ նաեւ յաճախուած` իսլամ աշակերտներէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.