2010-08-21 10:31:22

՜՜Արեւելքի Եպիսկոպոսները Կանչուած Են Ըլլալու՝ Վկաները Արիութեան Եւ Լաւատեսութեան։


Յոյն Կաթողիկէ Համայնքի Պատրիարք Գերերջանիկ Լահամի Զրոյցը Վատիկանի Կիսապաշտօն Օրաթերթին Հետ.

՜՜Արեւելքի Եպիսկոպոսները Կանչուած Են Ըլլալու՝ Վկաները Արիութեան Եւ Լաւատեսութեան''։

Վատիկանի Օսսերավաթորէ Ռոմանօ օրաթերթին հետ ելոյթ ունենալով գերերջանիկ Գրեգորիոս Գ. Լահամ ըսաւ. ՜՜բնաւ պէտք չէ մռնանք թէ՝ մենք նահատակներու եւ Յարութեան Եկեղեցի մըն ենք։ Բոլոր առաքեալները նահատակուեցան։ Յիսուս մեզի կը կրկնէ ''Մի վախնաք''։ Մենք կանչուած ենք մեր ժողովուրդին տալու քաջութիւն եւ լաւատեսութիւն՝՝։



Պատրիարք Գրեգորիոս այս պատկերով նկարագրեց կացութիւնը Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն, որ յառաջիկայ Հոկտեմբերին կը պատրաստուին եպիսկոպոսական սիւնոդոս գումարել Վատիկան, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի նախաձեռնութեամբ եւ գլխաւորութեամբ։ Համայնքներ են որոնք նոյն դժուարութիւններու առջեւ կը գտնուին եւ ինչպէս անցեալին, այսօր եւս կանչուած են իրենց վկայութիւնը բերելու Աւետարանի դատին, ինչպէս անցեալ 3 Յունիսին պատահեցաւ սպաննութիւնը գերապայծառ Բատովեզիի Անատոլին մէջ։ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները կանչուած են միութեան` լաւագոյնս դիմագրաւելու դժուարութիւններն ու հալածանքը։ Յոյն կաթողիկէներու պատրիարքի համոզումով, Հոկտեմբերին տեղի ունենալիք ՜՜Եպիսկոպոսներու Սիւնոդոսը՝՝ բարեպատեհ առիթ մը պիտի ըլլայ միասնաբար վերսկսելու հովուական առաքելութիւնը նախ կաթողիկէններու միջեւ, ապա քրիստոնեայ քոյր եկեղեցիներու եւ հուսկ՝ իսլամ աշխարհի հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.