2010-08-20 11:11:06

Վատիկանի Պետական Քարտուղարը Գալապրիայի ''Հերիթաժ'' Ընկերակցութենէն Հռչակուած Է Որպէս ''Տարուան Մարդը''։


Հինգշաբթի օրը, Վատիկանի պետական քարտուղարը կարտինալ Պերթոնէ Գալապրիա մարզի ֆլորենսէ կոչուած աբբայարանին մէջ պարգեւատրուեցաւ ''Sարուան մարդը'' մրցանակով Քալապրիայի ''Հերիթաժ'' ընկերակցութեան կողմէ, որ ծնունդ առած է 90ական թուականներուն, ունենալով որպէս նպատակակէտ ամուր պահել կապերը աշխարհասփիւռ բոլոր գալապրիացիներու հետ։

Արարողութեան, խօսք առնելով Կարտինալ Պերթոնէ, ոգեկոչեց սփիւռք ապրող բոլոր գալապրացիներու զոհաբերումը ու թափած արիւնը աշխատանքի արկածներու հետեւանքով ըլլայ հանքերու մէջ եւ ըլլայ շէնքերու կառուցումին ընթացքին։

Մեծ թիւով գալապրացիներ, շնորհիւ իրենց աշխատասիրութեան ու տաղանդին բարձր մակարդակի հասան, ընկերային, վարչական եւ քաղաքական մարզերու մէջ, Գանատա, ԱՄՆ եւ Աուստրալիա։

''Փառք ու պատիւ Գալապրիայի սփիւռքին'' բացակնչեց կարտինալ Պերթոնէ։ Դուք եւս սիրեցեալ բարեկամներ կանչուած էք այդ ուղղութեամբ ձեր կարգին գործելու ներշնչուելով Հայր Յովակիմ տա ֆիորէի օրինակէն եւ որուն աճիւնները կը հանգչին այս աբբայարանին մէջ։ Ան եղաւ ճշմարիտ Աստուծոյ մարդը հաւատքով ամուր, եռանդուն առաքեալ եւ պերճախօս քարոզիչ մը։ Ապա կարտինալ Պերթոնէ ըսաւ Գալապրիան միշտ եղած է հող մը՝ հարուստ հաւատքով ու կրօնասիրութեամբ։ Աստուածամօր հանդէպ սէրը շատ զգալի է։ Քահանայական ու կրօնաւորական բազմաթիւ կոչումներ տուած է։ Հուսկ Վատիկանի Պետական Քարտուղարը իր խօսքը փակեց ըսելով. ՜՜աղօթքս է որ վեհանձնութեամբ ու յանձնառումով շարունակէք ապրիլ ձեր քրիստոնէական հաւատքն ու սէրը՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.