2010-08-19 11:49:22

Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Սեպտեմբեր 16-19 Անգլիա Կատարելիք Առաքելական Ճամբորդութեան Մասին Վատիկանի Մամլոյ Գրասենեակի Տնօրէն Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիին Հարցազրոյցը



Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Անգլիա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան մասին, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին Ռատիօ Վատիկանի հետ հարցազրոյց մը ունեցած է, ուր անդրադարձած է այս ճամբորդութեան կարեւորութեան, որ կը յաջորդէ 18 տարի առաջ երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետի այցելութեան, այն տարբերութեամբ որ, կը նշէ Հայր Լոմպարտին, Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի այցելութիւնը ՜՜Հովուական՝՝ երեւոյթ ունէր մինչ Պենետիկտոս ԺԶ.ի Սեպտեմբեր ամսուայ ճամբորդութիւնը ՜՜Պետական Այցելութիւն՝՝ մըն է, որով Սրբազան Քահանայապետը ընդառաջեց Անգլիոյ թագուհի` Եղիսաբէթ Բ.ի եւ կառավարութեան հրաւէրին։

Պաշտօնական յայտագիրը խիտ է եւ հետաքրքրական։ Առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին Սրբազան Հայրը պիտի հանդիպի Անգլիոյ թագուհիին։ Հանդիպումներ պիտի ունենայ քաղաքական եւ մշակութային աշխարհին հետ։ Պիտի ընդունուի Սկովտիայի բողոքական վերանորոգիչին կողմէ՝ Սուրբ Նինեանի տօնախմբութեան օրերու ընթացքին, որ Սկովտիայի առաքեալ եւ պաշտպան սուրբն է։ Ուեսթմինսդերի աբբայարանին մէջ Նորին Սրբութիւնը պիտի մասնակցի համամիութենական արարողութեան։ Պատարագ պիտի մատուցանէ կաթողիկէ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։ Իսկ՝ Հայտ Բարքին մէջ, պիտի գլխաւորէ հսկումի աղօթքը։ Հուսկ պիտի հանդիսապետէ երանացման պատարագը Աստուծոյ ծառայ կարտինալ Ճոն Նիւումանի։

Սրբազան Քահանայապետը պիտի անդրադառնայ Անգլիոյ եւ Սկովտիայի այսօրուայ ընկերութեան հարցերուն, ինչպէս նաեւ համամիութենական հարցերու շուրջ։

Սրբազան Քահանայապետի այս տարուայ կատարած Ճամբորդութիւնները`Մալթա Փորթուկալ եւ Կիպրոս` շատ դրական այցելութիւններ նկատուած են, յոյսը այն է որ այս ճամբորդութիւնը եւս պտղաբեր արդիւնքներ տայ ։

Շատեր հարց կու տան քրիստոնէական եւ կաթողիկէ վկայութեան արժէքի մասին յառաջադէմ եւ աշխարհականացած ընկերութեան մը ինչպէս Անգլիոյ Եւ Սկովտիայի ընկերութիւնը, հարկ է ներկայացնել Քրիստոնեայ Հաւատքի եւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ծառայութիւնը ի սպաս այս ընկերութեան, իր ամբողջ ծաւալումներու մէջ, ըլլայ ընկերային ըլլայ դաստիարակչական ըլլայ առողջապահական կամ մարդասիրական գետնի վրայ։ Յուսանք որ այս այցելութիւնը դրական պատգամ մը տայ ընկերութեան մը որ այլեւս անգիտակից կը թուի ըլլալ իրեն շրջաապատող մտահոգութիւններուն եւ կարենայ ներկայացնել քրիստոնէական հաւատքի կարեւորութիւնը եւ արժէքները որ կը մնան ի սպաս մարդկանց եւ ընկերութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.