2010-08-19 12:01:28

Հայաստանի Մէջ 2009-2010 Ուսումնական Տարեշրջանին Գործած Է 222 Արուեստի Կեդրոն Եւ Դպրոց։


Հայաստանի մէջ 2009-2010 ուսումնական տարեշրջանին գործած են երաժշտական, արուեստի, գեղարուեստի եւ մանկապատանեկան ստեղծագործական 222 դպրոցներ եւ կեդրոններ, որոնցմէ 45-ը՝ Երեւանի մէջ, մնացեալը՝ Հայաստանի մարզերուն մէջ։

Մայրաքաղաքին մէջ գործող դպրոցներէն 12-ը գտնուած են քաղաքապետարանի, 32-ը՝ թաղապետարաններուն, իսկ մէկը՝ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան հովանաւորութեան տակ։ 2009-2010 ուսումնական տարեշրջանին մայրաքաղաքին մէջ գործող 45 դպրոցներէն 16-ը երաժշտական է, 9-ը՝ արուեստի, 1-ը՝ գեղարուեստի, իսկ 19-ը՝ մանկապատանեկան ստեղծագործական։

Արարատի մարզին մէջ գործած են 22 դպրոցներ, որոնցմէ 11-ը՝ երաժշտական, 4-ը՝ արուեստի, 3-ը՝ գեղարուեստի եւ 4-ը մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոն։ 25 դպրոց գործած է Կոտայքի մարզին մէջ, 26՝ Շիրակի, 19՝ Սիւնիքի, 17՝ Գեղարքունիքի եւ Տաւուշի։

Ընդհանուր հաշուարկով, Հայաստանի 222 դպրոցներէն եւ կեդրոններէն 102-ը երաժշտական թեքումով են, 65-ը՝ արուեստի, 21-ը՝ գեղարուեստի եւ 34-ը՝ մանկապատանեկան ստեղծագործական։





 








All the contents on this site are copyrighted ©.