2010-08-19 12:01:16

Հայազգի Բեմադիր Ատոմ Էկոյեան Մտադիր Է Ժապաւէն Նկարահանել Փամուքի Վէպին Հիմամբ։


Գանատահայ յայտնի բեմադրիչ Աթոմ Էկոյեան վերջերս քննարկած է թուրք բեմադրիչներու հետ միացեալ ժապաւէնի նկարահանում՝ Թուրքիոյ մէջ։ Ան յայտնեց, թէ այս մէկը երկխօսութեան նպաստող լաւ քայլ մը կը հանդիսանայ, աւելցնելով, որ իրեն համար մեծ հաճոյք պիտի ըլլար ժապաւէն նկարահանել Նոպելեան մրցանակակիր Օրհան Փամուքի «Ձիւն» վէպին հիմամբ։

Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան նիւթին՝ Էկոյեան ըսաւ, որ հայ եւ թուրք հասարակութիւնները պէտք է այդ մասին խօսին առանց միջնորդներու։

Բեմադրիչը ակնարկելով հայ-թրքական սահմանի բացման՝ նշեց, որ անիկա կը նպաստէ շրջանին խաղաղութեան եւ բարեկեցութեան ամրապնդման եւ երկխօսութեան մթնոլորտ կը ստեղծէ։

Հարկ է նշել, որ Օրհան Փամուքի «Ձիւն» վէպը 2009-ին ռուսերէնէ թարգմանուեցաւ հայերէնի: Վէպին մէջ կը ներկայացուին ժամանակակից Թուրքիոյ արեւելեան շրջանները, այնտեղ առկայ խնդիրները, սովորական թուրք մարդու կեանքը: Վէպը լեցուն է հայերու մասին յիշատակումներով ու Կարսի հայկական շինութիւններու նկարագրութիւններով:








All the contents on this site are copyrighted ©.