2010-08-19 09:38:58

Կիրակնօրեայ Աւետարանը


Կիրակի 15 օգոստոս 2010 - Փոխումն Սուրբ Աստուածածնի

Ղուկասի Աւետարանէն գլուխ 2, 1- 17 համարները



1 Այդ օրերը Օգոստոս կայսրէն հրամանագիր ելաւ, որ ամբողջ երկրագունդը արձանագրուի:

2 (Այս առաջին աշխարհագիրը եղաւ` երբ Կիւրենոս Սուրիայի վրայ կառավարիչ էր:)

3 Բոլորը կ'երթային արձանագրուելու, իւրաքանչիւրը` իր քաղաքին մէջ:

4 Յովսէփ ալ` Գալիլեայէն, Նազարէթ քաղաքէն, բարձրացաւ դէպի Հրէաստան` Դաւիթի քաղաքը, որ Բեթլեհէմ կը կոչուի, (քանի ինք Դաւիթի տունէն եւ գերդաստանէն էր,)

5 արձանագրուելու Մարիամի հետ, որ իր նշանածն էր ու յղի էր:

6 Երբ անոնք հոն էին` անոր ծնանելու օրերը լրացան.

7 եւ իր անդրանիկ որդին ծնաւ, խանձարուրով փաթթեց զայն ու մսուրին մէջ պառկեցուց, որովհետեւ իջեւանին մէջ տեղ չկար իրենց:

8 Այդ երկրամասը դաշտաբնակ հովիւներ կային, որոնք իրենց հօտերը կը պահպանէին գիշերուան մէջ:

9 Եւ ահա՛ Տէրոջ հրեշտակը անոնց վրայ հասաւ, Տէրոջ փառքը անոնց շուրջը փայլեցաւ, ու սաստիկ վախցան:

10 Բայց հրեշտակը ըսաւ անոնց. ,Մի՛ վախնաք, որովհետեւ ահա՛ ես մեծ ուրախութեան աւետիս մը կու տամ ձեզի, որ ամբողջ ժողովուրդին պիտի ըլլայ.

11 որովհետեւ այսօր` Դաւիթի քաղաքին մէջ` Փրկիչ մը ծնաւ ձեզի, որ *Օծեալ Տէրն է:

12 Եւ սա՛ ձեզի նշան մը [պիտի] ըլլայ. երախայ մը պիտի գտնէք` խանձարուրով փաթթուած ու մսուրի մէջ պառկածե:

13 Յանկարծ [այդ] հրեշտակին հետ երկնային զօրքերու բազմութիւն մը եղաւ, որոնք Աստուած կը գովաբանէին եւ կ'ըսէին.

14 ,Ամենաբարձր [վայրերուն] մէջ` Աստուծոյ փա՜ռք, երկրի վրայ` խաղաղութի՜ւն, մարդոց մէջ` բարեացակամութի՜ւնե:

15 Երբ հրեշտակները երկինք վերցուեցան անոնցմէ, հովիւները ըսին իրարու. ,Եկէ՛ք, երթա՛նք մինչեւ Բեթլեհէմ, ու տեսնե՛նք [թէ ի՛նչ] է այս եղած բանը` որ Տէրը գիտցուց մեզիե:

16 Ուստի գացին աճապարելով, եւ գտան Մարիամն ու Յովսէփը, եւ մսուրին մէջ պառկած երախան:

17 Երբ տեսան, գիտցուցին այն խօսքը` որ այս մանուկին մասին ըսուեցաւ իրենց:








All the contents on this site are copyrighted ©.