2010-08-19 12:01:01

Գրական Երեկոյ Կազմակերպութեամբ Քալիֆորնիոյ Հայ Գրողներու։


Կազմակերպութեամբ Քալիֆորնիոյ Հայ գրողներու միութեան, 5 օգոստոսին Կլենտէյլի հանրային գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ հերթական հանդիպում:

Միութեան նախագահ բանաստեղծ Գրիշ Դաւթեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն։

Ազատ բեմի հանդիսավար, բանաստեղծ եւ գրականագէտ Գէորգ Քրիստինեան իր խօսքին մէջ շեշտեց կարեւորութիւնը հայ մշակոյթի եւ գրականութեան պահպանումին եւ հարստացումին, նաեւ ցանկութիւն յայտնեց, որ գրողները իրենց ստեղծագործութիւններով մուտք գործեն միջազգային գրական ասպարէզներ:

Այնուհետեւ ներկաները կարդացին իրենց գործերէն բանաստեղծութիւններ, արձակ մանրապատումներ, քառեակներ, պատմուածքներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.