2010-08-19 12:00:31

Աշրաֆիէի Եւ Դամասկոսի Հ.Կ.Մ. Պատանեկանի Միացեալ Բանակում Զմմառու Մէջ ։


Հ.Կ.Մ. Պատանեկանի 25-ամեակին առթիւ, Աշրաֆիէի եւ Դամասկոսի մասնաճիւղները առաջին անգամ ըլլալով միացեալ բանակում մը կազմակերպեցին համախմբելով Պէյրութի եւ Դամասկոսի քոյր միաւորները:

Բանակումը տեղի ունեցաւ 31 յուլիսէն մինչեւ 9 օգոստոս Զմմառու մէջ: 10 օրեր շարունակ, պատանիները ընկերային մթնոլորտի մէջ ապրեցան, երկու հոգեւոր վարիչներու մասնակցութեամբ, Աշրաֆիէէն՝ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան եւ Դամասկոսէն՝ հայր Գեւորգ վրդ. Պահէ: 

Յայտագիրը ընդգրկեց հոգեւոր դասախօսութիւններ, քայլարշաւ դէպի Րաաշին մօտակայ գիւղը, վանքի հնադարեան թանգարանի այցելութիւն. ինչպէս նաեւ վերջին օրը տեղի ունեցաւ խարոյկահանդէս, որուն մասնակցեցան Աշրաֆիէէն եւ Դամասկոսէն ժամանած ծնողքներ, պատասխանատուներ, նախկին հրամանատարներ ու Հ.Կ.Մ.ականեր եւ Զմմառու վանքի վարչութիւնը գլխաւորութեամբ՝ Գերյարգելի Միքայէլ Թ.Ծ.Վրդ. Մուրատեանի:

Յիշենք, որ բանակավայր այցելեց Հ.Կ.Մ. Պատանեկանի հիմնադիր եւ նախկին հոգեւոր վարիչ՝ հայր Անդրանիկ Ծ.վ. Կռանեան, որ բարձր գնահատեց այս նախաձեռնութիւնը համախմբելով Հ.Կ.Մ. Պատանեկանի քոյր մասնաճիւղեր:








All the contents on this site are copyrighted ©.