2010-08-18 13:08:09

Սփիւռքահայ Երիտասարդներու Ձգտումը Դէպի Սեփական Արմատները։


11 օգոստոս-ին, Վիվասել-Էմ.Թի.Էս կազմակերպութեան գլխամասային շէնքին մէջ տեղի ունեցած է ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեանի եւ Միացեալ Նահանգներէն, Ռուսիայէն եւ Արժանթինէն եկած սփիւռքահայ երիտասարդ կամաւորներուն հանդիպումը։ Նշենք թէ Վիվասել-Էմ.Թի.Էսը, այս տարի իր յարկին տակ ընդունած է 20-էն 32 տարեկան 12 երիտասարդ հայ կամաւորներ, որոնք պատրաստակամութիւն յայտնած են իրենց մասնագիտական հմտութիւնները կիրառելու Հայաստանի տարբեր մարզերուն մէջ։

2004-ին ՜՜Դէպի Հայք՝՝ հիմնադրամը կազմակերպած է 26 երկիրներէ Հայաստան եկած հայ մասնագէտներու կամաւոր աշխատանքը հայրենիքի տարբեր մարզերու մէջ։ Այս երիտասարդներուն 40 առ հարիւրին համար հայրենիք գալու անդրանիկ այցը չէր սահմանափակուած վերջինը ըլլալու հաւանականութեամբ, այլ անոնց համար կարեւոր նկատուած էր Հայաստանի մէջ յաջողելու գաղափարը՝ Ռալֆ Երիկեանի կիրառած աշխատանքին արդիւնաւէտութիւնը օրինակ առնելով։ Նշենք, որ այս ծրագիրը քանի մը տարի քաջալերուած եւ հովանաւորուած է ՎԻՎԱՍԵԼ - Էմ Թի Էսի կողմէ։

Կամաւորները գնահատած եւ գոհունակութիւն յայտնած են ՎԻՎԱՍԵԼ - Էմ Թի Էսի ցանցին աշխատանքին մասին, երբ տարբեր մարզեր կատարած իրենց այցելութեան ընթացքին օգտուած են բջիջային կապէն։



Արի Տուն Համահայկական - Երիտասարդական Ծրագրի Գ. Հանգրուանը Աւարտած։

Արի տուն համահայկական-երիտասարդական ծրագիրին 3-րդ հանգրուանը հասաւ իր աւարտին։ Օգոստոս 10-ին ծրագիրին մասնակցողները հաւաքուեցան Առնօ Բաբաջանեանի անուան համերգասրահին մէջ Արարատից Սիոն ժապաւէնը դիտելու համար։ Մեծ հեղինակութիւն վայելող ժապաւէնը, որ կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդի ներկայութիւնը Երուսաղէմի մէջ, ինչպէս նաեւ անոր դերն ու ներդրումը մարդկութեան պատմութեան մէջ, բաւականին տպաւորեց արիտուն ծրագիրի մասնակիցները։

Այս ժապաւէնով Արի տուն ծրագիրին մասնակցողները անգամ մը եւս առիթը ունեցան հպարտանալու իրենց պատմութեամբ եւ ծագումով։ Ժապաւէնի աւարտին իբրեւ յուշանուէր արիտունցիներուն բաժնուեցաւ մանկական քրիստոնէական հանրագիտարան։ Այնուհետեւ մասնակիցները այցելեցին հայ մեծագոյն գրող եւ բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի տուն-թանգարանը եւ ծանօթացան գրագէտին կենսագրութեան եւ վաստակին։

Ծրագիրին մասնակցողները այցելեցին նաեւ Հայաստանի ամերիկեան համալսարան, ուր ծանօթացան անոր կրթական համակարգին կարելիութիւններուն եւ ուսումնական ծրագիրներուն հետ։



Ծրագիրին մասնակցողները այցելեցին նաեւ Հայաստանի ամերիկեան համալսարան, ուր ծանօթացան անոր կրթական համակարգին կարելիութիւններուն եւ ուսումնական ծրագիրներուն հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.