2010-08-18 12:24:41

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի Օրուայ Ընդհանուր Ունկնդրութիւնը։


Չորեքշաբթի 18 Օգոստոս 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի տասնեակ հարիւրաւոր ուխտաւորներուն, որոնք խմբուած էին ՜՜ԳասթելԿանտոլֆօ՝՝ քահանայապետական ամարանոցին մէջ։

Անոնց ուղղած իր խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը մատնանշեց թէ այս շաբաթը մեզի առիթ կ'ընծայէ խորհրդածելու անցեալ դարու նահատակ սուրբերու մասին։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Հաւատացեալները կանչուած են միշտ վստահելու Աստուծոյ ողորմութեան ու սիրոյն վրայ, ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը. խօսելով այս շաբաթուան ընթացքին յիշուող՝ Սուրբերու մասին։ Նորին սրբութիւնը մասնաւորապէս ներկայացուց Պիոս Ժ.ը, Սուրբ Ստեփանոս հունգարացի արքան եւ Պերնարտօ տի Գիարավելլէ։

Թող Պիոս Ժ. օգնէ մեզի սերտացնելու մեր անձնական միութիւնը Քրիստոսի հետ, որպէսզի կարող դառնանք վկայ ըլլալու Աստուծոյ ողորմութեան։ Պիոս Ժ. սուրբը կը հրաւիրէ մեզ վերանորոգելու մեր կեանքը Քրիստոսի մէջ։ Ան մեզ կը հրաւիրէ ամէն բան վերանորոգելու Քրիստոսի մէջ։

Ուրբաթ օրը եկեղեցին կը յիշատակէ հունգարացի արքայ՝ սուրբ Ստեփանոսը։ Անոր մեծ հաւատքը եւ յարումը Հռոմի Աթոռին թող օրինակ ըլլայ բոլորիս ։

Այս խորհրդածութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները խնդրելով անոնցմէ աղօթել որպէսզի կարենան ճանչնալ ճշմարիտ դիմագիծը Տիրոջ ու զայն սիրեն ։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն խրախուսելով զանոնք խորանալու կրօնուսուցման մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.