2010-08-18 13:08:41

Իտալիոյ Երբեմնի Նախագահ՝ ֆրանչեսքօ Քոսսիկայի Մահը։


Երէկ Կէսօրին իր մահկանացուն կնքեց Իտալիոյ երբեմնի նախագահ՝ 82-ամեայ ֆրանչեսքօ Քոսսիկան։ Այս առթիւ, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ցաւակցական երկու գիրեր յղած է, առաջինը՝ հանգուցեալին զաւակներուն եւ երկրորդը՝ Իտալիոյ նախագահ՝ Ճորճօ Նափոլեդանոյին, արտայայտելով իր մօտիկութիւնը հանգուցեալին ընտանեկան պարագաներուն եւ Իտալիոյ ժողովուրդին, մատնանշելով՝ Քոսսիկա նախագահը, իբրեւ հաւատքի մարդ եւ հեղինակաւոր դերակատար մը Իտալիոյ քաղաքական եւ ընկերական կեանքէն ներս։

Իսկ այսօր՝ Վատիկանի Պետական քարտուղարը Կարտինալ Պերթոնէն ցաւակցական այց մը պիտի կատարէ եւ աղօթէ հանգուցեալին դագաղին վրայ անոր հոգւոյն Հանգստեան համար ։

Իտալիոյ Եպիսկոպոսական Դասի Նախագահ՝ կարտինալ Անճելօ Պանիասքոն եւս իր կարգին, յանուն Իտալիոյ եպիսկոպոսական դասին, ցաւակցական հեռագիր մը յղած է որուն մէջ յիշած է Նախագահ Գոսսիկայի նուիրումը եւ ծառայութիւնը ի սպաս իտալիոյ ժողովուրդին եւ երկրին բարելաւման։

  








All the contents on this site are copyrighted ©.