2010-08-17 12:37:47

Վատիկանի Օսսերվաթորէ Օրաթերթը Իր Խնդակցութիւնը Կը Յայտնէ Խորանի Սպասաւոր Պարմանուհիներու Ներկայութեան Ու Մասնակցութեան։


Իր 15 օգոստոս 2010-ի թիւին մէջ, վատիկանեան օրաթերթը կը գրէ. ''պարմանուհիներու բացակայութիւնը խորանի վրայ, ծիսակատարութիւններու ընթացքին, պարզապէս որովհետեւ իգական սեռի կը պատկանին, ծանր լուծ մըն էր Եկեղեցւոյ համար եւ հակառակ` քրիստոնէական դաստիարակութեան։ Արտօնելով պարմանուհիներուն խորանին սպասաւորել ,զանոնք աւելի կը մօտեցնէ Տիրոջ։ Բնականաբար պարմանուհիներու ներկայութիւնը խորանին վրայ պէտք չէ դառնայ պարտաւորութիւն մը։ Սակայն շատ մը եկեղեցականներու գնահատումով տղաներու ներկայութիւնը խորանին վրայ խթան մը կրնայ հանդիսանալ եկեղեցական կոչումի նախընտրութեան։

Նշենք թէ անցեալ Օգոստոսի սկիզբը աւելի քան 53 հազար պարման-պարմանուհի դպիրներ Հռոմ եկած էին տօնախմբելու իրենց եղբայրութեան 50 ամեակը, այդ 53 հազար դպիրներէն 60 տոկոսը պարմանուհիներ էին։








All the contents on this site are copyrighted ©.