2010-08-17 12:38:36

Ռուսիոյ Նախագահ Տիմիթրի Մետվետեւի Պետական Այցելութիւնը Հայաստան։


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով՝ Ռուսիոյ նախագահ Տիմիթրի Մետվետեւ եւ իր տիկինը՝ Սվեթլանա Մետվետեւա 19 օգոստոսին պետական այցելութեամբ Երեւան կը ժամանեն։Իր կեցութեան ընթացքին, Մետվետեւ նախ պիտի այցելէ Ծիծեռնակաբերդ՝ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր։ 20 օգոստոսին կը նախատեսուի Հայաստանի եւ Ռուսիոյ նախագահներու դռնփակ հանդիպումը, որուն պիտի յաջորդեն երկու երկիրներու պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ ընդլայնուած կազմով բանակցութիւնները։ Պիտի ստորագրուին հայ-ռուսական ռազմավարական համագործակցութեան զարգացման ու ամրապնդման ուղղուած կարգ մը համաձայնագիրներ։ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ նախագահները պիտի այցելեն նաեւ Գիւմրի՝ մասնակցելու համար Պատուոյ բլուր յուշահամալիրի բացման հանդիսաւոր արարողութեան։ Պետական այցելութեան աւարտին Տմիթրի Մետվետեւ պիտի մասնակցի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ-երկիրներու ղեկավարներու՝ 20-22 օգոստոս Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք ոչ պաշտօնական վեհաժողովին։








All the contents on this site are copyrighted ©.