2010-08-14 11:32:33

Շնորհակալագիրի Յանձնում Լիբանանի Հայ Գրադարաններու Պատասխանատուներուն, Մամուլի Տնօրէններուն Եւ Մտաւորականներուն։


Լիբանան - Զմմառու Արծիւեան Միաբանութեան Ընդհանուր Քարտուղարը՝ գերապատիւ Հ. Նարեկ Վրդ Լուիսեան կը տեղացնէ թէ՝ Լիբանանի մօտ Հ Հ Դեսպանատան հրաւէրով՝ Հինգշաբթի, 12 Օգոստոս 2010-ին, Լիբանանի Հայ Գրադարաններու պատասխանատուներ,հայ մամուլի տնօրէններ եւ լիբանանահայ մտաւորականներ ժամանած էին Հայաստանի դեսպանատուն, ստանալու համար յատուկ Շնորհակալագիրը ,զոր ուղարկուած է, Հայաստանի Ազգային Գրադարանի տնօրէն՝ Պրն Դաւիթ Սարգսեանի կողմէ, նախաձեռնութեամբ՝ ՀՀ Մշակոյթի Նախարարութեան։ Սոյն Շնորհակալագիրը յանձնեց Դեսպան Պրն Աշոտ Քոչարեանը։

Հիւրերը ընդունուեցան դեսպանատան պաշտօնական հիւրասրահը, ուր դեսպանը բարի գալուստի խօսքը արտասանեց ու Հայաստանի դեսպանատան, ՀՀ Մշակոյթի Նախարարութեան եւ Հայաստանի Ազգային Գրադարանի անունով խորհին շնորհակալութիւնները յայտնեց բոլոր ներկաներուն, որոնք Հայաստանի Ազգային Գրադարանին հանդէպ ցուցաբերեցին գործակցութեան ոգի ու գրքահաւաքի կոչին արձագանքեցին եւ ջերմեռանդ մասնակցութիւն ցուցաբերեցին։ Ան աւելցուց. ՜՜ Ձեր շնորհիւ Լիբանանէն դէպի Ազգային գրադարան փոխադրուեցաւ շուրջ 5000 գիրքեր ու ձեր դրական ընթացքը լաւագոյն արտացոլացումն է Մայր Հայրենիքի հանդէպ Լիբանանահայ համայնքին ունեցած սիրոյն՝՝։

Նշենք թէ, Հայաստանի Ազգային գրադարանի ներկայացուցիչ՝ Օր Սիւզան Սիմոնեան, Զմմառու Մայրավանք ժամանած էր Երկուշաբթի, 15 Մարտ 2010-ին, եւ որպէս ներկայացուցիչ սոյն գրադարանին, տնօրէնութեան անունով պաշտօնապէս խնդրած էր, որ Զմմառու Մատենադարանի վերջին 30-40 տարիներու հրատարակած գիրքերու փոխանակումը տեղի ունենար։ Սոյն դիտաւորութեամբ գործնական քայլեր առնուեցան եւ Զմմառու Մատենադարանէն եւ Հայ Կաթողիկէ Մասիս Շաբաթաթերթի խմբագրատունէն, մեծ քանակութեամբ հայկական գիրքեր փոխանցուեցան Հայաստանի Ազգային գրադարան։

Հայրենիքը կը զօրանայ Սփիւրքով, իսկ Սփիւրքը առաւել եւս կը հզօրանայ Հայրենիքով։ Կը մաղթենք յարատեւ վերելք Մայր Հայաստանին։

   








All the contents on this site are copyrighted ©.