2010-08-14 11:32:00

Մարիամ Ուղղափա՞ռ Է, Կաթողիկէ Թէ Բողոքական։ Խորհրդածութիւն Մը Տիրամօր Վերափոխման Տօնին Առթիւ։


Ս. Կոյս Մարիամի հանդէպ բարեպաշտութիւնը կը զանազանուի կաթողիէներու, ուղղափառներու եւ բողոքականներու մօտ։

Պահ մը խորհինք թէ մեր առջեւ կեցած են երեք ներկայացուցիչներ քրիստոնէութեան գլխաւոր երեք ճիւղերէն. յոյն օրթոտքս քահանայ մը, գերմանուհի վերապատուելի հովիւ մը եւ աշխարհական կաթողիկէ հաւատացեալ մը։

Հարց տանք անոնց. '' ձեզի համար ո՞վ է Մարիամ''։

Յոյն ուղղափառը պիտի պատասխանէ ՜՜Աստուածածինը ամենուրեքն է։ բաւարար է հետեւիլ մեր ծիսակատարութիւններուն նշմարելու թէ Մարիամ մեծարուած եւ խնկարկուած սրբապատկերներուն մէջ, տօնուած ծիսական բոլոր տարուան ընթացքին ու երգուած շարականներու ընդմէջէն։ Արդարեւ մեր հաւատքը կրօնքն է Յիսուսի եւ Մարիամի՝՝։

Շեշտը բոլորովին կը փոխուի եթէ խօսողը լիւտերական հովիւ մը ըլլայ. ՜՜ մենք կը մեծարենք Յիսուսի Մայրը, սակայն Անոր ոչ մէկ աղօթք կ'ուղղենք, որովհետեւ բացի Քրիստոսէն որ է մեր Միակ միջնորդը, ուրիշ ոչ մէկ միջնորդ կը ճանչնանք։ Կը նախընտրենք դիտել Մարիամը որպէս հաւատացեալ մը, Եղիսաբէթէն յայտարարուած ''երանուհի'' իր հաւատքին համար՝՝։

Կաթողիկէ հաւատացեալը կ'ըսէ. ՜՜կը սիրեմ տեսնել Մարիամ որպէս գործակիցը փրկչագործութեան խորհուրդին, աւելի` շնորհքով լիացած արարած մըն է, որ յօժարակամ համապատասխանեց Աստուծոյ կամքին, ինչպէս ցոյց տուաւ Աւետումի պահուն։ Իրմէ կը խնդրենք որ աղօթէ մեզի համար այժմ եւ ի ժամու մահուան՝՝։
Իւրաքանչիւրը այս երեք հաւատացեալներուն, հիմնուած՝ իր հաւատոյ դաւանանքի վրայ, շեշտը դրաւ իր նախընտրութեան վրայ։ Ասիկա հասկնալի է։ Նշանակալից տարբերութիւն չկայ ուղղափառ եւ կաթողիկէ հաւատացեալներու միջեւ։ Տարբերութիւնը կը նշմարուի բողոքական համայնքին մօտ։Բողոքականը դժուարութիւն ունի ընդունելու Անարատ Յղութեան եւ Վերափոխման վարդապետութիւնները, ինչպէս նաեւ Մարիամի համագործակցութեան եւ Անոր ուղղուած աղօթքին համար։ Սակայն շնորհիւ Ս. Հոգւոյն, որ կ'առաջնորդէ եկեղեցիները դէպի կատարեալ միութիւնը, անոնք որոշ հասկացողութեան մը հասած են։ 1998ի Տոմպի ժողովին, կաթողիկէները եւ բողոքականները հաստատած են թէ տարակարծութիւններ գոյութիւն ունին մեր մէջ, որոնք սակայն ներհակ չեն մեր միեւնոյն հաւատքին Քրիստոսի մէջ։Մեկնաբանութիւնները մարեմեան վարդապետութեան մասին արգելք չեն աւետարանական քարոզութեան։ Այդ իմաստով այս վերոյիշեալ վարդապետութիւնները բաժանումի պատճառ մը չեն։ Նոյնպէս 2004ի Սիաթըլի կաթողիկէ-անկլիգան միացեալ յայտարարութիւնը, աւելի հեռու կ'երթայ հաստատելով թէ Մարիամի Անարատ Յղութեան եւ վերափոխման վարդապետութիւնները չեն հակասեր Փրկիչ Քրիստոսի կեդրոնական վարդապետութեան այլ անոր ներդաշնակ են եւ կը շարունակէ ըսելով թէ ՜՜մենք Մարիամի ու առաքեալներու հետ մէկ ենք, աղօթքի մէջ համախմբուած Ս. Հոգւոյ յղումին համար` ծնող Եկեղեցւոյ վրայ՝՝։







All the contents on this site are copyrighted ©.