2010-08-13 12:14:01

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Իր Երախտագիտութիւնը Կը Յայտնէ Գոլոմպիայի Ասպետներուն Իրենց Բերած Օգնութեան Համար Եկեղեցւոյ Ի Խնդիր։


Նորին Սրբութիւնը Գոլոմպիայի ասպետներուն ուղղած պատգամին մէջ իր գնահատանքն ու երախտագիտութիւնը կը յայտնէ Գոլոմպիայի ասպետներուն, որոնք ներկայիս Ուաշինկթըն իրենց ժողովը կը գումարեն, որ ունի որպէս բնաբան. ''Ես եղբօրս պահակն եմ''։ Սրբազան Հայրը ամերիկացի ասպետներէն կը խնդրէ որ շարունակեն իրենց աղօթքն ու զօրակցութիւնը եկեղեցւոյ համար, որ այս շրջանին խռովայոյզի մէջ են։ Ձեր աղօթքը թող ըլլայ հաւատացեալներու սիրտերու դարձին, Եկեղեցւոյ միութեան ու Աւետարանի տարածման համար։ Վատիկանի պետական Քարտուղարը կարտինալ Պերթոնէն անձամբ յանձնած է Սրբազան Հօր պատգամը։ Նշենք թէ Կարտինալ Պերթոնէ Գոլոմպիայի ասպետներէն հրաւիրուած է, մասնակցելու՝ իրենց հիմնարկութեան 128րդ տարեդարձի տօնախմբութեան։ Գոլոմպիայի ասպետներու ընկերակցութիւնը հիմնուած է՝ 1882ին քահանայ Մայքըլ Մաք Ճըվնէի նախաձեռնութեամբ, ունենալով որպէս նպատակակէտ՝ ՜՜ եղբայրօգնութիւնը, միութիւնը, եղբայրակցութիւնն ու հայրենասիրութիւնը՝՝։ Գոլոմպիայի ասպետները ներկայիս կը հաշուեն 800.000 անդամ, տարածուած՝ աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.