2010-08-13 11:51:45

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը


Քահանայապետական նամակ ուղղուած՝ կարտինալ Օսսային, մասնակցելու Արխենթինայի Գադամարգա թեմի հիմնարկութեան հարիւրամեակին տօնախմբութեան։

Իր այս նամակով Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կը նշանակէ Կարտինալ Օսսան` առաջնորդը Շիլիի Սանդիակօ թեմին, որպէս իր պատուիրակը գլխաւորելու՝ յառաջիկայ 21 Օգոստոսին Արխենթինայի Գադամարգա թեմի հաստատման հարիւրամեակի տօնախմբութիւնը որ տեղի պիտի ունենայ Գադամարգա քաղաքը ։



Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Կը Ոգեկոչէ Յիշատակը Սուրբ Նահատակ Մաքսիմիլեան Քոլբէի` Ան Իր Մահով Գահվիժեց Բռնութեան Յիմարութիւնը։



Մաքսիմիլեան Քոլբէ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, որ ապրեցաւ 1894-1941, Աուշվիցին դժոխքին մէջ սպաննուեցաւ։Ան իր կամաւոր նախաձեռնութեամբ, անօթութեան բանտին մէջ ոտնակոխեց բռնութեան խենդութիւնը։ Իր այս միջոցառումով, Հայր Քոլբէն մահէն ազատեց անմեղ ընտանիքի հայր մը։ Հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ այս յուզիչ վկայութիւնը այսօր եւս խթան մը կը հանդիսանայ հետեւելու Յիսուս Քրիստոսին, որ խաչի վրայ մեռաւ մարդկութեան փրկութեան համար, ։

Հայր Քոլբէն ձերբակալուեցաւ Նացիներու վարչաձեւի ոստիկանութենէն 1941ին։ Ապա Աուշուից տարուեցաւ ու հոն տաժանելի աշխատանքներու ենթարկուեցաւ։ Ան ազատ կամքով ինքզինքը նուիրեց ստոյգ մահէն փրկելու անմեղ ընտանիքի հայր մը։

Նահատակութիւնը ըսաւ Սրբազան Հայրը բացարձակ ազատ ներգործութիւն մըն է, արտայայտութիւնը ամբողջական սիրոյ նուիրումի Աստուծոյ։ Նահատակը աշխարհի իշխանութիւններէն անկախ մարդ մըն է եւ անոր ներգործութիւնը կատարելապէս կ'ընծայուի Աստուծոյ։ Նահատակութեան ամէն մէկ տիպարը կը հիմնուի Յիսուս Քրիստոսի մահուան օրինակին վրայ։ Ամէն քրիստոնեայ կանչուած է Յիսուսի ետեւէն քալելու`խաչը ուսին վրայ դնելով եւ աշխատելով Յիսուսի նմանելու։ Նահատակը ազատօրէն կ'ընդունի մահը աշխարհի փրկութեան համար։ Իր կեանքը կու տայ Աստուծոյ , սիրոյ եզակի ու վերջնական ընտրութեամբ, մասնակցելու համար Քրիստոսի զոհաբերումին խաչին վրայ։ Հետեւաբար նահատակութիւնը, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակելով, սիրոյ մեծ ներգործութիւն մըն է ի պատասխան Աստուծոյ անհուն ու անչափ սիրոյն։ Այս պատճառաւ ներկայ ընկերութեան յատկանշող անհետապաշտութիւնը ու եսակեդրոնը պարտի բարեփոխուիլ Աստուծոյ սէրէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.