2010-08-13 12:26:55

Կլենտէյլի Հայոց Սրբուհի Մարիամ Եկեղեցւոյ Դէմ Բարբարոսութիւն։


Կլենտէյլի 23-ամեայ բնակիչ մը մուրճով ջարդած եւ ոչնչացուցած է եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղադրուած խաչքարի վրայի Սուրբ Մարիամի քանդակը։ Վայրագութիւն կատարած անձը ձերբակալուած է։ Ան կը մեղադրուի բարբարոսութիւն գործելու համար։

Ազատութիւն ձայնասփիւռի կայանը՝ վկայակոչելով Կլենտէյլ նիուզ փրեսը, կը հաղորդէ, որ վայրագութեան համար ձերբակալուած անհատը ազգութեամբ հրեայ Վիքթոր Փեթրեսքուն է, որ ոստիկանութեան ըսած է, որ ինք հրեայ է եւ Աստուածաշունչին մէջ կ'ըսուի, որ պէտք է բոլոր սուրբ սիւները ոչնչացնել։ Անոր գործողութիւնը չէ որակուած իբրեւ ատելութեան դրդապատճառներով կատարուած յանցանք, քանի որ քննիչները տակաւին կ'ուսումնասիրեն Փեթրեսքուի հոգեկան վիճակը։ Ոստիկան Լորենզ յայտնած է, որ Փեթրեսքու չորեքշաբթի օրը փոխած է իր նախնական ցուցմունքը՝ ըսելով, որ քրիստոնեայ է։ Խաչքարը տեղադրուած էր աւելի քան 10 տարի առաջ եւ նուիրուած էր հայերու կողմէ քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօն ընդունելու 1700-ամեակին։



Հայեւսուրիական գործարարներու խորհուրդի Ա. տարեդարձը։

Տնտեսական յարաբերութիւնները ընկերային ու քաղաքական հորիզոններու հասցնելու կարգախօսով հայեւսուրիական գործարարներու խորհուրդը տօնեց իր հիմնադրութեան առաջին տարեդարձը՝ հովանաւորութեամբ Սուրիոյ տնտեսական հարցերու փոխ վարչապետ՝ Ապտալլա։ Հանդիսութեան ներկայ էր նաեւ Դամասկոսի մէջ Հայաստանի դեսպան Արշակ Փոլատեան, որ այս առիթով ներկաներուն հետ արծարծեց շահարկման միացեալ գործառնութեանց ձեռնարկելու եւ մաքսային տուրքերու նուազեցման կարելիութիւնները։ Իր կարգին, նահանգապետին ներկայացուցիչը խոստացաւ ամբողջական զօրակցութիւն ցուցաբերել նման ձեռնարկներու, ինչ որ կրնայ զարկ տալ տնտեսական ու ճարտարարուեստական փոխանակումներու եւ Հալէպը վերածել շահարկման գործառնութիւններու ներգրաւման կեդրոնի։








All the contents on this site are copyrighted ©.