2010-08-13 12:27:09

Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահի Հանդիպումը ՝ Մարոնիներու Սֆէյր Պատրիարքին Հետ:


Լիբանանի նախագահ զօր. Միշել Սլէյման հինգշաբթի կէսօրէ ետք այցելեց Տիման` Մարոնիներու պատրիարքական ամառանոցը ուր դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ մարոնիներու Նասրալլա Սֆէյր պատրիարքին հետ։ Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային գրեթէ բոլոր իրադարձութիւնները։

Հանդիպումէն ետք նախագահ Սլէյման ներկայ գտնուեցաւ պատրիարքական պարտէզին մէջ տեղի ունեցած Ս. պատարագին, որուն ընթացքին Սֆէյր, Տուէյհի եւ Հըպէյշ պատրիարքներուն կիսանդրիներուն բացումը կատարուեցաւ։

Միւս կողմէ, Ռամատանի առիթով նախագահ Սլէյման շնորհաւորեց արաբներն ու իսլամները՝ մաղթելով, որ Ռամատանը ըլլայ առիթ մը ինքնաքննարկումի, խղճի ձայնը լսելու, ազգային շահերուն մասին մտածելու, ինչպէս նաեւ դառնայ Լիբանանի մէջ կայունութիւնն ու հանդարտութիւնը պահպանելու ամիս մը։

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ հարկ է Լիբանանի բոլոր հարցերը լուծել երկխօսութեամբ եւ փոխըմբռնումով։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.