2010-08-12 12:56:16

Օսմանեան Շրջանին ու Հանրապետական Շրջանին Ինչպէ՞ս Թուրքերու Փոխանցուեցան Հայերու Ու Յոյներու Կալուածներն Ու Գոյքերը։


Թուրք հրատարակիչ Րակըպ Զարաքօլուի «Պէլկէ» հրատարակչատունը այս օրերուն հրապարակ հանեց մարդու իրաւունքներու ջերմ պաշտպան ու գաղափարապաշտ մտաւորական, տնտեսագէտ, տնտեսագիտական նիւթերու հրատարակիչ Մալաթիացի Նէվզատ Օնարանի լայնափոր մէկ գիրքը, որ նուիրուած է 1915ի տեղահանութեամբ ստեղծուած խնդիրներուն կարեւորագոյնին. լքեալ գոյքերու հարցը։ Գիրքին անունն է «Էմվալ-ի Մէթրուքէ Օլայը»։ Տեղահանուածներու լքած գոյքերուն ու կալուածներուն ու ամէն տեսակ հարստութեան թալանն ու բռնագրաւումն է այս։ Մեր ամբողջ մանկութիւնը անցաւ այս երկու անիծեալ բառերը իմանալով։ Էմվալի Մէթրուքէ։ Լքեալ գոյք։ Այն ինչ որ թողուած է բռնի տեղահանուածներուն կողմէ։

Այս խնդիրն ալ մինչեւ այսօր հայկական զանազան հարցերու նման թապու կը նկատուէր, նոյնիսկ ամէնէն խիստ թապուն, որուն մասին գրեթէ շատ քիչ բան հրատարակուած է մինչեւ այսօր։ Նէվզատ Օնարան երկար տարիներ արխիւային աշխատանք տարած, Խորհրդարանի գաղտնի փաստաթուղթերուն ու դատական թղթածրարներու արխիւներուն մէջ ման եկած է ու ի մի բերած է փաստաթուղթերու ովկիանոս մը որ գլխու պտոյտ կը պատճառէ։ Մինչեւ այսօր, որքան որ գիտենք, ո՛չ մէկը այս նիւթի շուրջ այսքան բաց ու այսքան գայթակղեցուցիչ ոճով հրատարակութիւն կրցած է ընել։ Լքեալ գոյքերու հարցը մասնաւորաբար տեղահանուած հայերու ու փոխանակման ենթարկուած հելլէններու մուխը մարած հարց է, մինչեւ այսօր կոտտացող ահաւոր վէրք մը, որ չէ կրցած մոռցուիլ, հակառակ որ քիչ խօսուած է այդ մասին։ Մասնաւորաբար ամբողջ հայութեան հարստութիւնը, Անատոլուի ընդարձակ տարածութեան վրայ, յափշտակուած, ասոր անոր բաշխուած, վերջապէս ձեռք փոխած է եւ մէջտեղ բերած է ոչինչէն հարստացածներու ստուար մեծամասնութիւն մը։ Ամբողջ ժողովուրդ մը լուռ կերպով մեղսակից եղած է այս ոճրին, որովհետեւ բոլորն ալ գիտէին որ իրենց ալ բաժին մը պիտի իյնար այս համատարած թալանէն։ Նէվզատ Օնարան 600 էջեր ընդգրկող իր շատ արժէքաւոր գիրքին մէջ քով քովի բերած է ինչ ինչ թղթածրարներ, դատավճիռներ, օրէնքի յօդուածներ, թալանի համայնապատկերներ, յականէ անուանէ՝ կողոպտուած սա կամ նա հայու մասին պաշտօնական թղթածրարներ։ Եւ ինչպէս կ՛ըսէ գիրքին համար յառաջաբանի հեղինակ Սաիտ Չէթինօղլու, մարդու իրաւունքներու ուրիշ ջերմ ու հաւատաւոր պաշտպան մը, լքեալ գոյքերու ու կալուածներու վրայ առաջին վայրկեանէն նախատեսուած տնօրինութիւնները արդէն կը փաստեն թէ որոշուած էր որ տեղահանուածները անգամ մըն ալ պիտի չվերադառնային։ Այս կէտը շատ կարեւոր է ու կը փաստուի բոլոր փաստաթուղթերով։ Իթթիհատականներու ծրագիրը ա՛յս էր, ամէն մարդ գիտէր որ ղրկուածները, տեղահանուածները, աքսորուածները ճամբայ կը հանուէին անվերադարձ ուղղութեամբ, ետ պիտի չդառնային ու անոնցմէ մնացած ամէն ինչ պիտի բաշխուէր յայտնի կամ անյայտ յայտագրի մը համաձայն պետութեան կողքին կանգնած «հաւատարիմ» մարդոց։ Եւ որպէսզի լքեալ կալուածներու թալանը չխանգարուի, խորհրդարանի որոշումով ջնջուեցաւ նաեւ փոքրամասնութիւններու, մանաւանդ հայերու ճամբորդելու իրաւունքը, որպէսզի չըլլայ որ անոնցմէ մէկը կամ միւսը վերադառնայ ու իր կալուածներուն տէր կանգնի։ Մնաց որ այդ պարագային ալ վերադարձողը իր կալուածը ետ առնելու որեւէ բախտ չունէր։ Այդպիսի սխալ ընթացքի մէջ մտնողներուն ականջէն վար կը փսփսային. «Իրաւունք մի փնտռեր, եթէ շատ խօսիս, քեզ կախաղան կը հանեն կամ կը սպաննեն։ Աւելի լաւ է որ ձայն չհանես»։

«Պէլկէ» Հրատարակչատունը անգին ծառայութիւն մը կը մատուցանէ այս գիրքը հրատարակելով։ Գիրքը լեցուն է պաշտօնական ու հին թրքերէն բառերով գրի առնուած փաստաթուղթերով, որոնք դժուար ընթեռնելի ըլլալով հանդերձ հետաքրքրական են իրենց ցոլացուցած անարդարութեամբ ու պետական մակարդակի վրայ գործուած յանցագործութեամբ։ Իսկապէս զարմանալի է որ պետութիւն մը կրցած է այսքան հրապարակաւ իրագործել նմանօրինակ ապօրինութիւն ու յափշտակութիւն։ Եւ ասիկա միայն Օսմանեան շրջանի Իթթիհատական իշխանութեան կողմէ չէ, այլ անկէ վերջ Թուրքիոյ Հանրապետական ու Քեմալական շրջանին ալ գործադրուած ու լրումին հասցուած է։ Բայց եթէ գիրքին ընթերցումը դժուար է, պատճառը անոր լեզուն չէ, այլ այն՝ թէ մարդուս ամբողջ ներաշխարհը կը մթագնի, կ՛ամպոտի երբ կը կարդայ այս անարդարութեան պատմութիւնը։ Սիրտ պէտք է ունենալ այս գիրքը կարդալու ու այդ օրերու անցուդարձերը դարձեալ յիշելու համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.