2010-08-12 12:40:47

Սիրտ Յիսուսի Կրօնաւորական Միաբանութեան Նոր Աբբահայրը. Պրազիլցի Հայր Անճելօ Մեծարի։


Այս առաջին անգամն է որ ոչ-իտալացի մը կ՝ընտրուի որպէս աբբահայր վերոյշեալ միաբանութեան։ Այս միաբանութիւնը ներկայ է 17 երկիրներու մէջ եւ ունի որպէս նպատակակէտ. ՜՜աղօթքը, աւետարանութիւնը աղքատներուն եւ դաստիարակութիւնը կարօտեալներու զաւակներուն՝՝։

53-ամեայ նորընտիր աբբահայրը՝ Անճելօ Մեծարի 10-րդ յաջորդն է Սուրբ Մերի Հանիպալի որ հմուտ աստուածաբան, իմաստասէր եւ լրագրող էր։

Նորընտիր Աբբահայրը նախապէս եղած է մեծաւորը Լատին Ամերիկայի աշխարհամասին եւ պատասխանատուն՝ Պրազիլի Սաու Բաուլօ եկեղեցական կոչումներու հաստատութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.