2010-08-12 12:36:55

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Քաջալերական Պատգամը Արխենթինայի Հաւատացեալներուն՝ Զօրակից Ընկերութեան Մը Ի Խնդիր։


Ազգային դրամահաւաքի առթիւ, որ ամէն տարի տեղի կ'ունենայ Սեպտեմբեր ամսոյն մէջ, Նորին Սրբութիւնը քաջալերական պատգամ մը ուղղած է Արխենթինայի հաւատացեալներուն որպէսզի վեհանձնութեամբ համագործակցին այդ նախաձեռնութեան յաջողութեան համար։ Սրբազան Հայրը կը քաջալերէ կաթողիկէները անկեղծ առատաձեռնութեամբ մասնակցելու այս դրամահաւաքին, որպէսզի Արխենթինայի եկեղեցին կարողանայ իր սատարը բերել երկրի կարօտեալներուն եւ թշուառներուն։ Իր պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը իր սէրն ու գնահատանքը կը յայտնէ այդ երկրի հաւատացեալներուն եւ կը խթանէ զանոնք որպէսզի սիրեն բոլոր իրենց հայրենակիցները նոյն սիրով որ մեր Տէրը մեզ բոլորս կը սիրէ եւ այսպէսով վկայութիւն տուած կ'ըլլանք Աստուծոյ անհուն ողորմութեան ու սիրոյն, կը գրէ Սրբազան Հայրը իր պատգամին մէջ։

Ապա Նորին Սրբութիւնը կը հրաւիրէ հաւատացեալները առօրեայ աղօթքի, Ս. Գիրքի ընթերցման եւ կանոնաւոր մօտեցում ունենալու՝ սուրբ խորհուրդներուն։ Հուսկ Սրբազան Հայրը դրամահաւաքը կը յանձնէ Արխենթինայի Տիրամօր Nostra Signora di Lujոn-ի պաշտպանութեան ու հովանաւորութեան մասնաւորապէս բոլոր անոնց որոնք իրենց նպաստը պիտի բերեն։

Նշենք թէ այս տարուայ դարամահաւաքի նշանաբանն է. ''կերտենք պատմութիւնը բոլորին մասնակցութեամբ'' դրամահաւաքը կը կատարուի սեպտեմբեր 11ին եւ 12ին երկրի բոլոր ժողովրդապետութիւններուն մէջ։

2009ի հանգանակութեան աւելի քան մէկ միլիոն 700 հազար եւրօ գոյացաւ։

Ի դէպ՝ հասած դրամը կը բաշխուի 25 թեմերու ամենէն կարօտեալներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.