2010-08-11 12:49:35

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Չորեքշաբթի Օրուայ Ընդհանուր Ունկնդրութիւնը Գասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական Ամառանոցին Մէջ։


Չորեքշաբթի 10 Օգոստոս 2010-ին, Պենետիկտոս ԺԶ.Սրբազան Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի տասնեակ հարիւրաւոր ուխտաւորներուն, որոնք խմբուած էին ԳասթելԿանտոլֆոյի քահանայապետական ամառանոցը։

Անոնց ուղղած խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը մատնանշեց թէ ՜՜այս շաբաթը մեզի առիթ կ'ընծայէ խորհրդածելու անցեալ դարու նահատակ սուրբերու մասին՝՝։

Հաւատացեալները կանչուած են միշտ վստահելու Աստուծոյ ողորմութեան ու սիրոյն վրայ ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը, խօսելով այս շաբաթուան ընթացքին յիշուող Սուրբերու մասին։ Նորին սրբութիւնը մասնաւորապէս ներկայացուց Էտիդ Շթայն եւ Մաքսիմիլեան Գոլպէ նահատակները, որպէս՜ ՜՜Յոյսի Սուրբեր՝՝։

Այս շաբաթուան ընթացքին, ըսաւ Սրբազան Հայրը, Լատին Եկեղեցին կը յիշատակէ տօնը Սարկաւագ Լորենցոյի` Գ. դարու նահատակ եւ որուն մասունքները հաւատացեալները կը պատուեն Հռոմի՝ իրեն նուիրուած եկեղեցւոյ մէջ։

Նորին Սրբութիւնը նոյնպէս ոգեկոչեց 20-րդ դարու նահատակ երկու սուրբեր` Էտիդ Շթայնը եւ Մաքսիմիլեան Գոլպէն, որոնք նոյն ճակատագիրը ունեցան Աուշվիցին մէջ։ Եկեղեցին` 9 օգոստոսին կը յիշատակէ Էտիդ Շթայնը իսկ 14 օգոստոսին` ֆրանչիսքեան հայր Մաքսիլեան Գոլպէն, հիմնադիրը Մարիամի Անարատ Յղութեան զինուորներու եղբայրութեան։ Այս երկու նահատակ սուրբերը ապրեցան երկրորդ աշխարհամարտի տխրահռչակ շրջանը, առանց սակայն կորսնցնելու իրենց յոյսը ՜՜Կեանքի ու Սիրոյ Աստուծոյ՝՝ վրայ։

Անոնց կեանքը թող ըլլայ մեզմէ իւրաքանչիւրին համար օրինակ քաջութեան ու հաւատքի համապատասխանելու համար Քրիստոսի անհուն սիրոյն, որուն գագաթնակէտը հանդիսացաւ մահը խաչին վրայ։

Այս խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները անոնցմէ խնդրելով որ աղօթեն որպէսզի կարենան ճանչնալ ճշմարիտ դիմաքիծը Տիրոջ ու զայն սիրեն ։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանադներուն եւ նորապսակեալներուն յիշեցնելով թէ այսօր եկեղեցին կը տօնէ սրբուհի Պայծառի տօնը, որ գիտցաւ արիութեամբ ու վեհանձնութեամբ իր կեանքը նուիրել Քրիստոսին։ Անոր օրինակին հետեւեցէք, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

Աղօթքս է, ըսաւ Սրբազան Հայրը իր խօսքը եզրափակելով, որ աւելի ժամանակ գտնենք, մասնաւորապէս արձակուրդի այս շրջանին, կարդալու Ս. Գիրքը եւ խորհրդածելու Աստուծոյ խօսքին վրայ։ Աստուծոյ խօսքը մեր հոգիին ճշմարիտ սնունդն է, եւ վերակենդանացուցիչ ոյժն է մեր կեանքին։ Ձեզի ամէնուդ կը մաղթեմ բարի արձակուրդ։ Թող Տէրը առաջնորդը ըլլայ ձեր կեանքին եւ սրտանց ամէնքդ կ'օրհնեմ։








All the contents on this site are copyrighted ©.