2010-08-11 12:50:54

Դէպի Հայք Կամաւոր Մը Կը Ստանայ Ֆուլպրայթի Նիւթական Յատկացում։


2004 թուականէն ի վեր Դէպի Հայք ծրագիրը սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը ներգրաւած է Հայաստան՝ կատարելու կամաւոր ընկերային ծառայութիւններ։

Նիւ Ճըրզիէն 22-ամեայ Թալին Պուտաղեան Դէպի Հայքի միջոցով 2009-ին աշխատակցած է Գիւմրիի մէջ գործող ոչ-կառավարական Պայօ-Սոֆիա առողջապահական եւ բնութեան պահպանման կազմակերպութեան հետ։ Այս տարի ան Ֆուլպրայթ նախագիծին կողմէն ամբողջական նիւթական աջակցութեան արժանացած է այսպիսով ան Սեպտեմբերին Հայաստան պիտի վերադառնայ՝ շարունակելու Պայօ-Սոֆիաի իր աշխատակցութիւնը եւ առիթ պիտի ունենայ նաեւ տարուած աշխատանքին մասին կարճ ժապաւէն մը պատրաստելու։ Պուտաղեան միակը չէ, որ կը տիրանայ Ֆուլպրայթ պարգեւին։ Այս առիթը 10 ամսուան ընթացքին մշակոյթներու փոխանակման առիթ մըն է,- կ'ըսէ Պուտաղեան- լեզուական կարողութիւնս արդէն իսկ յառաջդիմած է։ Իբրեւ սկսնակ ժապաւէն պատրաստող՝ շատ ակնկալութիւններ չունիմ գործէս, բայց երբ կարենամ հայերէնով թուային պատմութիւն մը պատրաստել եւ այդ մէկը հասանելի դարձնել անմիջական շրջապատէս դուրս, այդ կը նշանակէ, որ յաջողած եմ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.