2010-08-10 12:28:34

Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահայանապետին Ուղղած Մէկ Ճառը Հայ Կաթողիկէ Հովիւներուն:


Uրբազան Հայրը իր խoսքը ուղղելով Հայ Կաթողիկէ հովիւներուն ըսաւ . ''Աշխարհի զանազան վայրերէն Հռոմ եկաք, այդ գիտակցութեամբ որ կը պատկանիք վաղեմի եւ ազնուական եկեղեցւոյ մը, որ իր հոգեւոր անձով կը սատարէ եւ կը հարստացնէ Քրիստոսի հարսին գեղեցկութեան։

Հայ եկեղեցին, որ առընչուած է Կիլիկիոյ պատրիարքութեան, լիովին ապրեցաւ հայ ժողովուրդին պատմական իրադրձութիւնները դարերու հոլովոյթին, եւ մասնաւորապէս քրիստոնեական հաւատքի անունով կրած տառապանքը ահաւոր հալածանքի տարիներուն, որ պատմութեան մէջ ճանչցուած է Մեծ Եղեռնի անունով։

Այդ ուղղութեամբ ինչպէս մոռնալ Լեւոն 13րդ քահայանապետի քրիստոնեաներու ուղղած այն բազմաթիւ հրաւէրները օգնութեան հասնելու հայ ժողովոիւրդին կրած տառապանքին։ Ոչ ալ կարելի է մոռնալ Պենետիկդսոս 14-րդ քահայանապետի յուզչ վճռական միջամտութիւնները։ Հայերը որ միշտ աշխատած են իրենց աշխատասիրութեամբ ու արժանաւորութեամբ համակերպիլ այն ընկերութեան ուր բնակութիւն հաստատած են։ կը շարունակեն այսօր եւս իրենց հաւատարմութեամբ վկայութիւն տալ Աւետարանին։

իրականութեան մէջ. կաթողիկէ հայ հասարակութիւնը բնակութիւն հաստատած է բազմաթիւ երկիրներու մէջ, նոյնիսկ պատրիարքական հողերէն դուրս։ Այդ նկատի ունենալով Առաքելական Աթոռը հիմնեց հոն ուր հարկաւոր է առաջնորդութիւններ հոգ-հոգւոցին համար։ Միջին Արեւելք Կիլիկիա եւ ապա յաջորդաբար Աստուածային Նախախնամութիւնը հայ կաթողիկէ պատրիարքութիւնը հաստատեց Լիբանան։ Հայ կաթողիկէ հաւատացեալները իրենց ակնարկ հոն սեւերած են որպէս հոգեւոր ակունքը իրենց դարաւոր ծիսական ու մշակութային կեանքին։

Նոյնպէս կը նշմարենք թէ զանազան եկեղեցիներ ս Գրիգոր Լուսաւորիչին մէջ կը տեսնեն որպէս իրենց հասարակաց հիմնադիրը ու հայրը. թէեւ իրարու մէջ տարբեր են սակայն այս վերջին տասնամեակներուն ամէնքը սիրալիր ու արդիւնաբեր երկխօսութիւն հաստատած են նոյն արմատները հտնելու կամքով։ Կը քաջալերեմ այս վերատնուած եղբայրութիւնը ու համաործակցութիւնը, մաղթելով որ նոր նախաձեռնութիւնները նպաստեն կատարեալ միութեան։ Եւ եթէ պատմական անձուդարձերը պատճառ եղան եկեղեցւոյ բաժանումին, Աստուածայն նախախնամութիւնը այնպէս պիտի ընէ որ դարձեալ օր մը իր միութիւնը վերահտնէ իր նուիրապետութեամբ եղբայրական ներքին դաշնակութեամբ եւ կատարեալ հաղորդութեամբ Հռոմի եպիսկոպոսի հետ։ Հայ Եկեղեցւոյ հիմնարկութեան 1700-ամեակի տօնախմբութիւնը եղաւ քաջալերական նշան մը այս բաղձալի միութեան, որուն մասնակցեացաւ սիրեցեալ նախորդս ողբացեալ Յովհաննէս Պօղոս Բ. քահայանապետը։ Տիրոջ սէրը ուխտաւոր եկեղեցւոյ համար ժամանակին ընթացքին քրիստոնեաներուն պիտի տայ, այս է մեր յոյսը, հարկաւոր միջոցները իրականացնելու Քրիստոսի բաղձանքը որպէսզի ամէնքը մէկ ըլլան ուրախութիւնը։ Ամէնքս դառանք Քրիստոսի տրամադրութեան ներքեւ միջոցներ։ Ան որ է ճանապարհ, ճշմարտութիւն եւ կեանք, թող մեզի շնորհէ ոյժը յարատեւելու որպէսզի օր առաջ դառնանք մէկ հօտ եւ մէկ հովիւ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.