2010-08-10 12:30:34

Հոգեւոր Կրթութիւն եւ Հայրապետական Ս. Պատարագ Զմմառու Մէջ։


Լիբանան - Զմմառու Մայրավանքի վարչութիւնը կը տեղեկացնէ թէ տարեկան Հոգեւոր Կրթութիւնը տեղի պիտի ունենայ ՝ Զմմառու Մայրավանքին մէջ, 11-12 եւ 13 Օգոստոս 2010-ին ։ Քարոզիչ Հայրն է Յիսուսեան Միաբան՝ Հայր Սամիր Պշարա։

Նոյնպէս վարչութիւնը սիրով կը հրաւիրէ միասնաբար մասնակցելու եւ տօնելու դարաւոր եւ յոյժ սիրելի Զմմառու Մայրավանքին անուանակոչութիւնը՝ Վերափոխումն Ս. Աստուածածնայ, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 15 Օգոստոս 2010-ին, առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Հայրապետական Ս. Պատարագով եւ որուն ընթացքին Բարեշնորհ՝ Ռոպէր Գրիգոր Կիսասարկաւագ Պատիշահ պիտի ստանայ Սարկաւաութեան կարգը։ Պատարագի աւարտին տեղի պիտի ունենայ Խաղողօրհնէք։

Զմմառու վարչութիւնը կրկին լոյս պիտի ընծայէ Զմմառու Արծիւեան Միաբանութեան Զուարթնոց 2010 տարեգիրքը, որպէս զի անոր ընդմէջէն արծարծուին Քահանայութեան եւ Միաբանութեան սէրն ու առաքելութեան խանդը։








All the contents on this site are copyrighted ©.