2010-08-10 12:40:23

Հայ Կնոջ Դերակատարութիւնը Հայաստանի Մէջ։


Գանատահայ նշանաւոր դերասանուհի Արսինէ Խանճեան եւ Քաութըրփարթ կազմակերպութեան նախագահի տեղակալ եւ հայկական ծրագիրներու ղեկավար Ալեքս Սարդարի, միասին քննարկեցին հասարակութեան մէջ հայ կնոջ դերակատարութեան վերաբերող հարցեր։ Վերջին տասը տարուան ընթացքին յաճախ Հայաստան այցելելով՝ ես նկատած եմ, որ հայ կիները սկսած են իրենք զիրենք աւելի լաւ ձեւով դրսեւորել, փոխած են իրենց վարքը, փոխուած է նաեւ հասարակութեան մէջ անոնց կարգավիճակը։ Սակայն տակաւին չեմ կրնար ըսել, որ հայ կիները հասարակական կեանքի մէջ այնքան գործօն են, որքան՝ եւրոպացի կիները, յայտնած է Արսինէ Խանճեան։

Ըստ դերասանուհիին, հայ կիները քաղաքական ասպարէզին մէջ եւս նուազ դերակատար են, քան՝ եւրոպացիք Ես կը տեսնեմ քաղաքականութեան մէջ հայ կիներ, սակայն անոնք քիչ են եւ բարձր պաշտօններ չեն գրաւեր։

Արուեստի եւ քաղաքականութեան մասին խօսելով՝ Արսինէ Խանճեան նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի, Ֆրանսայի եւ այլ երկիրներու կառավարութիւնները նիւթապէս կ'աջակցին արուեստին։ Ատիկա բնական է, որովհետեւ բոլոր երկիրներու քաղաքագէտները կը հասկնան արուեստի փոխկապակցութիւնը մշակութային հարցերու եւ տնտեսութեան հետ, յայտնած է Խանճեան՝ աւելցնելով, որ իր ամուսնոյն՝ Աթոմ Էկոյեանին հետ այցելած է հայկական տարբեր թանգարաններ եւ զարմացած է՝ իմանալով, որ արուեստի ներկայացուցիչներ պէտք է շատ հարցեր լուծեն իրենք իրենց միջոցներով։








All the contents on this site are copyrighted ©.