2010-08-09 12:03:16

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Կը Խօսի Այս Շաբաթուան Ընթացքին Յիշուող Սուրբերուն Մասին, Ընդգծելով ՜՜Աստուծոյ Ողորմութեան Ու Սիրոյն Վրայ Վստահելու՝՝ Կարեւորութիւնը։


Հաւատացեալները կանչուած են միշտ վստահելու Աստուծոյ ողորմութեան ու սիրոյն վրայ ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը խօսելով այս շաբաթուան ընթացքին յիշուող Սուրբերու մասին։ Նորին սրբութիւնը մասնաւորապէս կը ներկայացնէ Էտիդ Շթայն եւ Մաքսիմիլեան Գոլպէ նահատակները, որպէս՜ ՜՜Յոյսի Սուրբեր՝՝։

Այս շաբաթուան ընթացքին, ըսաւ Սրբազան Հայրը, լատին եկեղեցին կը յիշատակէ տօնը Սուրբ Տոմենիք տէ Կուզմանի` հիմնադիրը ԺԳ. դարու տոմինիքեան միաբանութեան։ Անոր առաքելութիւնը կայացաւ դաստիարակելով՝ ընկերութիւնը հաւատքի ճշմարտութեան։ Նոյն շրջանին ապրեցաւ Ասիզիի սրբուհի Պայծառը` հիմնադիրուհին Գլարիս իգական կարգին եւ պաշտպան սրբուհին հեռուստատեսիլի։ Սարկաւագ Լորենցոն` Գ. դարու նահատակ եւ որուն մասունքները հաւատացեալները կը պատուեն Հռոմի մէջ, նահատակ սասրկաւագին նուիրուած եկեղեցւոյ մէջ։

Նորին Սրբութիւնը նոյնպէս ոգեկոչեց 20-րդ դարու նահատակ երկու սուրբեր` Էտիդ Շթայնը եւ Մաքսիմիլեան Գոլպէն, որոնք նոյն ճակատագիրը ունեցան Աուշվիցին մէջ։ Եկեղեցին` 9 օգոստոսին կը յիշատակէ Էտիդ Շթայնը իսկ 14 օգոստոսին` ֆրանչիսքեան հայր Մաքսիլեան Գոլպէն, հիմնադիրը Մարիամի Անարատ Յղութեան զինուորներու եղբայրութեան։ Այս երկու նահատակ սուրբերը ապրեցան երկրորդ աշխարհամարտի տխրահռչակ շրջանը, առանց սակայն կորսնցնելու իրենց յոյսը ՜՜Կեանքի ու Սիրոյ Աստուծոյ՝՝ վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.