2010-08-09 14:52:32

Մայր Թերեզայի Յիշատակին՝ Հնդկաստանի մէջ 26 Օգոստոսը '' Որբերու Ազգային Օր''։


Մայր Թերեզայի ծննդեան հարիւրամեակի առթիւ Հնդկաստանի կառավարութիւնը 26 օգոստոսը պիտի յայտարարէ ''Որբերու Ազգային Օր''։Այս առընչութեամբ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ներկայացուեցաւ ''Որբերու Միջազգային Օր'' հաստատումի խնդրագիր մը։ Հարիւրամեակի տօնակատարութիւններէն երկու ամիս առաջ Հնդկաստանի Կառավարութիւնը եւ Եկեղեցին կը համագործակցին լաւագոյն կերպով պատրաստելու այս կարեւոր առիթը։ Տօնակատարութիւններուն բացումը տեղի պիտի ունենայ Սուրբ Պատարագով նախագահութեամբ՝ Կարտինալ Թելեսֆորի Թոփփոյի Գալգութայի Մայր Թերեզայի Գթութեան Քոյրերու միաբանութեան Մայր Տան Մէջ ներկայութեամբ միաբանութեան ընդհանուր մեծաւոր՝ Գերմանուհի Քոյր Բրէմայի։



Մայրաքաղաք Տելհիի մէջ Մայր Թերեզայի կոթող մը եւ իր յիշատակին յատուկ դասախօսական եւ հանդիպումի սրահ մը պիտի նուիրուի։

28 օգոստոսին նախատեսուած է ոգեկոչման արարողութիւն մը որուն պիտի մասնակցի Հնդկաստանի Նախագահ Փրաթիպհա Փադիլ իսկ Հնդկաստանի Կառավարութիւնը յիշատակի յատուկ դրամ մը շրջանառութեան մէջ պիտի դնէ։

Հարիւրամեակի առիթով նախատեսուած ձեռնարկները բազմաթիւ են մանաւանդ Գալգութայի մէջ։ 17-25 օգոստոս 2010 -ին բոլոր թեմի եկեղեցիներու մէջ պիտի կատարուի իննօրեայի աղօթքներ որոնք պիտի կրկնուին 27-4 սեպտեմբեր, ի պատրաստութիւն Երանելի Մայր Թերեզայի տօնին որ կը զուգադիպի 5 սեպտեմբերին այս առթիւ նախատեսուած է հանդիսաւոր Արարողութիւն մը նախագահութեամբ Գերապայծառ Սալվաթորէ Փէննաքիոյի՝ Հնդկաստանի Սուրբ Աթոռի Առաքելական նուիրակին։ Նախատեսուած են նաեւ մշակութային ձեռնարկներ նշենք անոնցմէ՝

Մայր Թերեզայի Կեանքին եւ առաքելութեան մասին շրջուն ցուցահանդէս մը ,

4 սեպտեմբերին համաշխարհային սիմբոզիում, լուսանկարներու ցուցահանդէս եւլն...

Իսկ 10 սեպտեմբերին Գալգութայի Մայր Տան մէջ նախատեսուած է միջկրօնական մեծարանքի արարողութիւն մը մասնակցութեամբ՝ զանազան գաղութներու ներկայացուցիչներուն եւ հաւատացեալներուն։

Մայր Թերեզան ծնած է Մակեթոնիոյ, Սգոփիէ քաղաքը, 26 օգոստոս 1910ին եւ մահացած՝ 5 սեպտեմբեր 1997ին։   








All the contents on this site are copyrighted ©.