2010-08-09 12:17:12

Հայազգի Էտիթ Խաչատրեան Ամերիկայի Ուսուցչական Դեսպան Կ՛ընտրուի։


Միացեալ Նահանգներ- Լա Քրեսենթայի ,Քլարք երկրորդական վարժարանի ուսուցիչներէն Էտիթ Խաչատրեան, Միացեալ Նահանգներու կրթական նախարար Առնի Տանքընի կողմէ ընտրուած է 2010-2011 տարեշրջանի ,Ուսուցչական դեսպանեներէն մէկը, ,որոնք պիտի նպաստեն կրթական նախարարութեան աշխատանքներուն եւ նահանգային ու համայնքային մակարդակներու վրայ իրականացուելիք բարեկարգումներուն (կը տեղեկացնէ Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանը):

Միացեալ Նահանգներու տարածքէն 15 ուսուցիչներ ընտրուած են այս պատուաբեր դիրքին եւ անոնցմէ միայն հինգը, ներառեալ՝ Էտիթ Խաչատրեան, իրենց աշխատանքը պիտի տանին մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ գտնուող կրթական նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ: Անոնք պիտի ըլլան նախարարութեան լիաժամ պաշտօնեաներ:

Այս ուսուցչական դեսպանները պիտի ըլլան ուսուցիչներու ձայնը կրթական նախարարութենէն ներս եւ երկրին ուսուցիչներուն, աշակերտներուն եւ անոնց ծնողներուն իսկական դեսպանները պիտի ըլլան նախարարութեան մօտե, յայտնած է նախարար Տանքըն:

Ուսուցիչներուն ձայնը լսելի դարձնելու միտող այս իւրայատուկ ծրագիրը գործադրութեան դրուած էր երեք տարի առաջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.