2010-08-09 12:03:53

Գնահատանքի Ու Երախտագիտութեան Հանդիսութիւն Ի Պատիւ Քեպեքի Առաջնորդ Կարտինալ Ուելէի։


Քեպեքի հաւատացեալները գնահատանքի ու երախտագիտութեան հանդիսութիւն մը կազմակերպած են յառաջիկայ 15 օգոստոսին, ի պատիւ՝ իրենց առաջնորդին որ կը պատրաստուի Հռոմ մեկնիլ ընդառաջելով Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի կանչին։ Արդարեւ Սրբազան Հայրը զինք նշանակած է որպէս կառավարիչը եպիսկոպոսներու ժողովին եւ նախագահը Լատին Ամերիկայի քահանայապետական Յանձնախումբին։ Հանդիսաւոր պատարագին կը նախատեսուի մասնակցութիւնը բազմաթիւ հաւատացեալներուն, եւ մասնաւորապէս երիտասարդներուն։ Յառաջիկայ կիրակին Սրբուհի Աստուածածնայ վերափոխման տօնին, կարտինալ Ուելէն հանդիսաւոր պատարագ կը մատուցանէ Քեպլքի Սրբուհի Աննայի անուան պազելիքային մէջ ներկայութեամբ՝ առաքելական դեսպան արքեպիսկոպոս Պետրօ Լոբէզ Քինդանայի։

Յայտնենք թէ Քեպեքի երիտասարդները 14 օգոստոսին յատուկ յայտագրով մը կ'ուզեն մեծարել ու պատուել իրենց առաջնորդը, աղօթքի հսկում կատարելով՝ սրբուհի Աննա պազելիքայի մէջ։ Աղօթքի հսկումը կը նախատեսէ գովաբանութեան աղօթք եւ երկիրպագութիւն Ամենասուրբ Հաղորդութեան։

Նշենք որ Քեպեքի առաջնորդը իր կարտինալութիւնը ուզած էր նուիրել երիտասարդներուն եւ այս ինքնաբուխ նախաձեռնութեամբ՝ երիտասարդները կ'ուզեն յայտնել իրենց յարումը կարտինալին՝ որը կը նկատեն իրենց ''քաջ հովիւը''։







All the contents on this site are copyrighted ©.