2010-08-09 12:17:24

՜՜Անահիտ՝՝ հիմնադրամը կ՝աշխատի Հայաստանի Բնակչութեան աճին զարկ տալու գործին մէջ։


Հայաստանի բնակչութեան աճին զարկ տալու նպատակով աշխատանք տանող ՜՜Անահիտ՝՝ հիմնադրամի 10րդ տարեկան ճաշկերոյթ-դրամահաւաքի ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 19ին, Լոս անճըլըսի Տաղլեան մշակութային կեդրոնին մէջ ։

Սեպտեմբերին Երեւանի Մէջ Պիտի Կայանայ ,Ճեթրօ Թալեի Համերգը:

Երեւանի մէջ , 24 Սեպտեմբերին, ՜՜Լոյս՝՝ հինադրամի աջակցութեամբ, ելոյթ պիտի ունենայ ,Ճեթրօ Թալե բրիտանական ,ռոք խումբը, ՜՜ Ռոքն ընդդէմ ցեղասպանութեան՝՝ փառատօնի ծիրին մէջ։ Փառատօնը կը կրէ շարունակական բնոյթ եւ կը բաղկանայ բազմաթիւ համերգներէ, որոնց մասնակցութիւն պիտի բերեն համաշխարհային հռչակ ունեցող խումբեր եւ անհատ կատարողներ:

Փառատօնին աւարտին պիտի կայանայ Հայոց Մեծ Եղեռնի 100ամեակին նուիրուած յիշատակի ու ոգեկոչման համերգ։








All the contents on this site are copyrighted ©.