2010-08-09 12:03:41

100 Տարի Առաջ Պիոս Ժ. Յատուկ Ինքնագիրով Մը Կ'արտօնէր Առաջին Ս. Հաղորդութեան Տուչութիւնը 7 Տարեկան Մանուկներուն։


Քահանայապետական այդ ինքնագիրին 100ամեակին առթիւ, (8 օգոստոս 1910), կարտինալ Անթոնիօ Լովերան` կառավարիչը աստուածային պաշտամունքի ու խորհրուրդներու մատակարարումի, հետեւեալ մեկնաբանութիւնը տուած է. ՜՜100 տարի առաջ, Պիոս Ժ. Քահանայապետը' որ 1951ին երանելի հռչակուած է, եւ 1954ին սրբադասուած, հետեւելով՝ Լատերանեան եւ Տրիտինեան տիեզերական ժողովներու վճիռներուն հրահանգած է Ս. հաղորդութիւնը բաշխել 7 տարեկան երախաներուն։ Իր այս վիճիռով բարեպաշտ մեծ սուրբը ուզած է ընդգծել ՜՜արժէքը եւ կեդրոնականութիւնը Ս. Հաղորդութեան՝՝ բոլոր կնքուածներուն համար ներառեալ մանուկները։ Կանխելով Ս. հաղորդութեան բաշխումի տարիքը Սուրբ Հայրապետը ընդգծած է կարեւորութիւնը՝ պատշաճ քրիստոնէական ուսուցումին։ Այսօր եւս, կը գրէ կարինալ Լովերան, անհրաժեշտ է քրիստոնէական ուսուցում տալ երախաներիուն հետեւելով՝ Յիսուսի խօսքին. ''թոյլ տուէք որ մանուկները ինծի գան, մի արգիլէք զանոնք''։ Այս խօսքով Յիսուս կ'ուզէ անոնց հետ մնալ որովհետեւ ''մանուկներուն եւ անոնց նմանողներուն է Երկինքի Արքայութիւնը''։








All the contents on this site are copyrighted ©.