2010-08-08 13:09:39

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը ։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը ։



կիրակի 8 օգոստոս , չորրորդ կիրակի վարդավառի` Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց, ԳասթելԿանտոլֆօ քահանայապետական ամարանոցէն, տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ, նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Այսօրուան Աւետարանը մեզի կը սորվեցնէ հետապնդել ճշմարիտ իմաստութիւնը հարցադրելով ունենալու, կարողանալու եւ գիտնալու ճշմարիտ նշանակութեան մասին։ Յիսուս իր աշակերտներուն կը խօսի անձին արժէքին մասին յաչս Աստուծոյ եւ երկրաւոր մտահոգութիւններու անօգտակարութեան մասին։ Մեր սիրտը պէտք է բանանք յոյսի վրայ որ կը լուսաւորէ մեր գոյութիւնը, այն գիտակցութիւնը ունենալով թէ Աւետարանը ամէնէն առաջ հաղորդակցութիւն մըն է իրադրութիւններու որոնք կարող են բարւոգել մեր կեանքը։

Այսօրուան ընթերցուածը, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը մեզի կը ներկայացնէ Աբբրահամը նահապետըր եւ անոր կողակիցը Սարա որպէս հաւատացեալի ճշմարիտ տիպարներ, որոնք ապրեցան Աստուծոյ երկիւով ու հաւատարմութեամբ։ Հաւատքը կը բեղմնաւորէ քրիստոնեական մեր կեանքը ու կը վերակենդանացնէ Եկեղեցին։ Թող Ամենասուրբ Կոյս Մարիամը օգնէ մեզի միշտ հաւատարիմ մնալու Աստուծոյ կամքին։ Հուսկ Նորին Սրբութիւնը ներկաներէն խնդրեց աղօթել գործազրկուածներուն եւ անօճախներուն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.