2010-08-08 13:11:10

Լուրեր Հայկական Կեանքէն


Վերաբացուեցաւ Խաչատուր Աբովեանի Տուն-Թանգարանը։

Քանաքեռի մէջ հանդիսաւոր բացումը կատարուեցաւ վերանորոգուած Խաչատուր Աբովեանի տուն-թանգարանին, որուն ամէնէն հին հատուածին մէջ՝ երկու սենեակներէ եւ թոնիրի տունէ բաղկացած հողաշէն տնակին մէջ թխուող տաք լաւաշի բուրմունքը տարածուած էր բարեկարգուած թանգարանին ամբողջ տարածքին։

Տուն-թանգարանի տնօրէն Յովհաննէս Զատիկեան լրագրողներուն պատմած է, որ իր երկարատեւ ջանքերէն ետք, 5 տարի առաջ, վարչապետ Անդրանիկ Մարգարեան կառավարութեան պահեստային ֆոնտէն յատկացուցած է 180 միլիոն դրամ, որով կարելի եղաւ սկսիլ շատ վատ պայմաններու մէջ գտնուող թանգարանի շէնքին վերանորոգման աշխատանքներուն։

Հայանպաստ Կարեւոր Հրատարակութիւն մը՝ Հայաստան/Ադըրպէճան Տեղեկատուական Պատերազմի Ծիրին Մէջ՝՝ Նիւթին Մասին։

Հայաստանի ազգային գրադարանին մէջ, տեղի ունեցաւ հանդիպում մը բեմադրիչ, գրող եւ լուսանկարիչ Պորիս Պարաթովի հետ։ Հանդիպման ընթացքին ան ներկայացուց իր վերջին գիրք-ալպոմը՝ ՜՜Ղարաբաղեան ժամանակագրութիւն.1989-2009՝՝ եւ խօսեցաւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ընթացող տեղեկատուական պատերազմին մասին։

Դիմելով զանգուածային լրատուամիջոցներուն, Պարաթով նշեց, որ աշխարհը հայ լաւագոյն լրագրողներուն՝ եւ քաղաքագէտներուն ձայնը չի լսեր, որովհետեւ Հայաստան իր խնդիրներուն մասին կը խօսի միայն երկրին մէջ։ Ան նաեւ յայտնեց, որ նման գիրքեր ինչպիսին է ՜՜Ղարաբաղեան ժամանակագրութիւն.1989-2009՝՝ պէտք է տարածուի ամբողջ աշխարհին մէջ եւ աշխարհին ցոյց տայ Հայաստանի ճշմարտացի պատմութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.