2010-08-07 10:52:59

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Գործունէութիւնը։

Նորին Սրբութեան Անակնկալ Այցելութիւնը Ապրուցոյի Կարիքաւորներու Տիրամօր Սրբավայրը։


Օգոստոս 6-ը` Յիսուսի պայծառակերպութեան տօնին օրը, ըստ լատինաց եւ յունաց, , Աւետարանը կը պատմէ թէ Յիսուս լեռ կը՜ բարձրացաւ աղօթելու համար։ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը եւս, անկնկալ այցելութիւն կատարեց Ապրուցոյի Կարիքաւորներու Տիրամօր սրբավայրը, որ կը գտնուի Իտալիոյ Լացիօ եւ Ապրուցօ մարզերու միջեւ։

Առաւօտուն Նորին Սրբութիւնը պահ մը աղօթեց այդ սրբավայրին մէջ, ապա այցելեց Գարզոլիի կրօնաւորուհիները, ուր բնակութիւն հաստատած է կարտինալ Անճելինի՝ երբեմնի նախագահը վատիկանի առողջապահութեան նախարարութեան։

Իսկ յետմիջօրէին, Նորին Սրբութիւնը այցելեց Ռոգա տի Մեծծօ գիւղաքաղաքը, ուր այս շրջանին կը գտնուի կարտինալ Սոտանոն՝ գահերէցը կարտինալական դասին, անոր այցելութիւն կատարելէ ետք Սրբազան Հայրը պահ մը աղօթեց երկրաշարժէն վնասուած՝ Սուրբ Լուչոյի նուիրուած՝ եկեղեցւոյ մէջ, տեղւոյն գաղթականներուն ու աղէտեալներուն համար։

Երեկոյեան Սրբազան Հայրը քահանայապետական ամարանոցը վերադարձաւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.