2010-08-07 11:07:34

Շինիչ Պատմուածք - Հնակարկատ Վահրամը


Հնակարկատ Վահրամի ներկայութիւնը ընդհանրապէս յայտնի չէր համայնքին մէջ։ Շատ քիչ անգամներ կ՛երեւէր եկեղեցիի բակը, անկիւն մը քաշուած կ՛ըլլար հոն, մէկ-երկու հայրենակիցներու հետ ցած ձայնով խօսակցելով։ Վահրամը որբ եղած էր հօրմէ, եւ իր մօրը եւ քրոջը հետ գտնուեր էր մեր քաղաքը ջարդերէն եւ տեղահանութենէն վերջ։ Հազիւ մէկ-երկու տարի հայկական դպրոց յաճախած, ստիպուած էր իր ընտանիքին օգնելու համար որպէս աշկերտ աշխատելու կօշկակարի մը քով, որմէ սորված էր հնակարկատի արհեստը։ Սեղանիկ մը կը դնէր փողոցին անկիւնը, որուն վրայ կային իր գործին համար անհրաժեշտ գործիքներ. մէկ-երկու տեսակ պզտիկ մուրճեր, գամերու տուփեր, կօշիկ փայլեցնելու իւղ, մոմ, սահուն դարձնելու համար կարկտանի համար գործածած դերձանը, կաշիի կտորներ եւլն։ Ծալուող աթոռակ մըն ալ ունէր, որ կը հրամցնէր յաճախորդին, երբ պէտք ըլլար սպասել մինչեւ կօշիկը նորոգուէր։ Կէսօրները մայրը կու գար իր պատրաստած ճաշով եւ քովը կը սպասէր պատին կռթնած, մինչեւ որ Վահրամը ճաշը վերջացնէր, ապա հողաթափերը քսքսելով ծերուկ կինը կը վերադառնար իրենց համեստ խրճիթը։ Վահրամը սիրուած էր իր շրջապատէն, շատ յաճախորդներ ունէր, մանաւանդ այդ տարիներուն, երբ մարդիկ սովոր էին իրենց կօշիկները նորոգել շատ շատ անգամներ, նոր մը գնելէ առաջ։ Զրկանքներու օրեր էին։ Այսպէս Վահրամի մուրճը համաչափ զարկերով կը լսուէր մինչեւ որ գիշերը իջնէր եւ հաւաքելով իր շարժուն աշխատանոցը, զայն կը տեղաւորէր իր դրացի սրճեփին խանութին մէկ անկիւնը, որ բարի դրացին սիրայօժարաբար տրամադրեր էր իրեն։

Վահրամի արտաքին կերպարանքը տարօրինակ էր։ Հասակը մէջքէն վեր կանոնաւոր կարելի էր նկատել, սակայն մէջքէն վար սրունքները կարճ էին, այնպէս որ ընդհանուր տեսքը քիչ մը ծիծաղելի կ՛ըլլար, գաճաճի տպաւորութիւն ձգելով իր շրջապատին վրայ։ Վարպետի գոգնոցը երկար էր, գետինը քսուելու աստիճան։ Այս բոլորէն անդին, հնակարկատ Վահրամը ընթերցասէր էր։ Օրաթերթերը կը մաղէր եւ կը հետեւէր միջազգային քաղաքականութեան։ Իր միակ հաճոյքը գործէն անդին գիրք կարդալն էր։ Ի վերջոյ տարիներու խնայողութիւններով յաջողեցաւ կրպակ մը գնել եւ այդ դարձնել իր հնակարկատի աշխատանոցը, եւ այսպէս դրացի դարձաւ հօրս աշխատանոցին։ Օրը մի քանի անգամ կու գար գրասենեակ եւ դրան շեմին կանգնելով կարեւոր նկատած լուրի մը համար հօրս հետ խօսակցելու եւ կարծիքը առնելու համար։ Հայրս շատ սիրով կը դիմաւորէր զինք։ Այսպէս տարիներ առաջ, երբ նախագահական ընտրութիւնները Ամերիկայի մէջ վերջացեր էին, թերթերը կ՛անդրադառնային նոր ընտրուած նախագահի երդման արարողութենէն վերջ իր արտասանած ուղերձին, ուղղուած ամերիկացի ժողովուրդին.- Հարց մի՛ տաք, թէ հայրենիքը ինչ ըրած է ձեզի համար, այլ հարց տուէք դուք ձեզի, թէ դո՛ւք ինչ ըրած էք հայրենիքին համար։

Շատ տպաւորուած էր այդ ուղերձէն՝ ուղղուած Ամերիկացի ժողովուրդին։ Շարունակ կը կրկնէր այդ խօսքը, եւ երկար կը խորհրդածէր. ի՛նչ իմաստալից խօսք է կ՛ըսէր։

Տարիներ անցան, հնակարկատ Վահրամը մահացաւ, հեռացաւ այս կեանքէն, եւ մարդիկ ընդհանրապէս չզգացին իր բացակայութիւնը։ Բայց շատ տպաւորուեցանք երբ լսեցինք թէ կրպակը եւ սեփական տնակը կտակեր էր ան Հայ Գթութեան Խաչի երիտասարդներու ամարանոցին։








All the contents on this site are copyrighted ©.