2010-08-07 11:05:30

Կիրակնօրեայ Աւետարանական Խորհրդածութիւն
 


Կիրակի 8 Օգոստոս 2010 Չորրորդ Կիրակի Վարդավառէն ետք

Ամէնքը քեզ կը փնտռեն, Տէր

Մինչ Յիսուս ժողովուրդէն հեռու կը փախչի որպէսզի կարենայ առանձնանալ եւ իր Հօրը հետ մտերմիկ ժամեր անցնել աղօթքով, զինք հանգիստ չի թողուր ժողովուրդը, իր ետեւէն կու գայ շատ աւելի հրաշքներ ստանալու համար, ինչպէս նաեւ իր իմաս-տութեամբ լի խօսքերը մտիկ ընելու համար. Ժողովուրդը ծարաւի է Քրիստոսի, ասոր համար կը հետապնդէ զինք եւ կ՛ուզէ օգտուիլ իրմէ։

Իսկ եթէ այդքան քաշողական ու հրապուրիչ է Քրիստոսի ուսուցումը, ինչու՞ մարդիկ այսօր եւս չեն հետեւիր իրեն, չեն փնտռեր զինք իրենց առօրեային մէջ. Պատասխանը պարզ է. Այսօրուայ մարդկութիւնը պէտքը չզգար Յիսուսի, անտարբեր է անոր ուսուցումին մասին, եկեղեցի չի յաճախեր փնտռելու իր Փրկիչը. Որովհետեւ այսօրուայ մարդուն մտահոգութիւնը չէ փրկել իր անձը, իր հոգին յաւիտենական կորուստէ. Ան կը վազէ դրամին ու հարստութեան ետեւէն, անցաւոր հաճոյքին ետեւէն, հետամուտ կ՛ըլլայ այն ամէն բանի որ կրնայ իրեն պատիւ բերել, իր պաշտօնը բարձրացնել, զինք բարձր մակարդակի վրայ պահել։

Հազուագիւտ են այն անձերը որոնք իրապէս տակաւին կը փնտռեն Յիսուսը այս աշխարհի վրայ. Անոնք յատկապէս կը գտնուին վանքերու մէջ եւ օրական բազմաթիւ անգամներ իրենց աղօթքը կը բարձրացնեն առ Աստուած. Կ՛աղօթեն իրենք իրենց համար, իրենց մերձաւորներուն համար, բայց նաեւ իրենց չճանչցած անձերուն համար, նոյնիսկ իրենց թշնամիներուն համար. Ահա ասոնք իսկապէս ամէն օր կը փնտռեն Տէրը եւ հետամուտ կ՛ըլլան իր պատուէրներուն հետեւելու։

Այո՛, երբեմն երբեմն մենք ալ Տէրը կը փնտռենք. Սակայն երբ հիւանդ ենք, կը տառապինք, երբ ընկճուած ենք եւ կը գտնուինք անել կացութեան մը մէջ, երբ մեր բարեկամները նոյնիսկ հեռացած են մեզմէ եւ չենք գիտեր որմէ օգնութիւն ուզել. Այն ատեն միտքերնիս Քրիստոսի կ՛երթայ, իրեն կը դիմենք եւ սրտանց օգնութիւն կը խնդրենք իրմէ, ապահով ըլլալով որ մեզ պիտի չլքէ։

Շատ հեշտ է նեղ ատենին Քրիստոսի դիմել, անկէ օգնութիւն սպասել։ Շատեր իսկապէս սրտանց կ՛աղօթեն այս պահերուն. Սակայն արդեօ՞ք մենք ալ միայն նեղ ժամանակին Աստուծոյ պիտի դիմենք, իսկ նեղ օրերը անցնելէ ետք, պիտի մոռնա՞նք մեր Տէրն ու Փրկիչը։ Յամենայն ժամ օրհնութիւն նորա ի բերան իմ կ՛երգենք Սուրբ Պատարագի վերջաւորութեան. Այսինքն երբ պատարագէն դուրս ելլենք եւ մեր առօրեայ գործերով զբաղինք, պէտք ենք շարունակել միշտ զԱստուած փառաբանել, ամէն անգամ որ մեր միտքը կ՛իյնայ իր ներկայութիւնը, խնդրելով իր լոյսը եւ օգնութիւնը մեր ամէն մէկ գործին համար, նոյնիսկ եթէ ան շատ կարեւոր բան մը չըլլայ։

Իսկ կա՞ն տակաւին վարդապետներ որոնց ետեւէն կը վազէ ժողովուրդը եւ հան-գիստ չի թողուր զիրենք, որովհետեւ անոնք գիտեն հաղորդել Քրիստոսի ճշմարիտ պատգամը եւ կը գործեն Աստուծոյ փառքին ու հոգիներու փրկութեան համար, եւ ոչ թէ իրենց անձնական փառքին ու պատիւին, կամ թէ իրենց գրպանին համար կ՛աշխատին։

Ոչ մէկ վարդապետ կրնայ կատարեալ կերպով Յիսուսի նմանիլ, սակայն որքան ան մօտենայ Քրիստոսի, ջանայ նմանիլ անոր, այնքան աւելի ժողովուրդը կը փարի իրեն, կը փնտռէ զինք եւ իրեն մօտ կը գտնէ երկնային մխիթարութիւնը. Ամէն։


 







All the contents on this site are copyrighted ©.