2010-08-06 12:26:27

Կարտինալ Գանիզարէսին Համար ՜՜Օօրէնքները Որոնք Չեն Պաշտպաներ Կեանքը Պէտք Չէ Որ Յարգուին՝՝։


Ի լուր վիժումի ազատագրումի օրէնքին Սպանիոյ մէջ, Աստուածային պաշտամունքի կառավարիչը կարտինալ Գանիզարէս Լիովերան եզրափակելով Արանխուէզ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած գիտաժողով մը ''Կեաննքի անհուն արժէքը'' նիւթին մասին, յայտարարած է որ ՜՜բոլոր այն օրէնքները որոնք չեն պաշտպաներ կեանքը յարգուելիք չեն՝՝։ Երբ օրէնքը (ըսաւ կարտինալը) կ'օրինաւորէ վիժումը եւ քաղցրամահը, կը դադրի քաղաքացիական ճշմարիտ օրէնք մը ըլլալէ։ Ժամանակ մը պիտի գայ,( ըսաւ Ծիրանաւորը) երբ ամօթ պիտի զգանք վիժումի օրէնքին ի տես, ինչպէս այժմ կը զգանք ստրկութեան օրէնքին հանդէպ։








All the contents on this site are copyrighted ©.