2010-08-05 11:54:21

Մեսրոպեան Վարժարանի Նորաստեղծ Տեղեկատուական/ուսումնասիրական Աշակերտական Խմբակի Այցը «ԱԶԴԱԿ»ի Խմբագրատուն։


Երեքշաբթի, 3 օգոստոս 2010-ին, երիտասարդ մարդուժ պատրաստելու նախաձեռնութիւններուն շրջագիծին մէջ, Ազդակի խմբարատուն այցելեցին Պէյրութի՝ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի նորաստեղծ տեղեկատուական-ուսումնասիրական աշակերտական խմբակի անդամները՝ ընկերակցութեամբ՝ խորհրդատու ուսուցիչ Րաֆֆի Տեմիրճեանի։

Խմբակը հանդիպում մը ունեցաւ Ազդակի տնօրէնութեան հետ, որ ներկայացուց մամուլին դերակատարութիւնն եւ հայկական օրաթերթերու իրավիճակն ու դիմագրաւած դժուարութիւնները։ Շեշտուեցաւ, որ մեր խմբագրակազմերը կարիքը ունին երիտասարդ ուժերու եւ Մեսրոպեանի այս նախաձեռնութիւնը էապէս կրնայ ծառայել այդ նպատակին։

Ապա Ազդակի Փիւնիկ սրահին մէջ Ազդակի պատասխանատու խմբագիրներէն Նորա Բարսեղեան ներկայացուց Ազդակի էջերուն բաժանումը, աշխատանքային դրութիւնն ու լրատուական աշխատանքին կարեւորութիւնը։ Բարսեղեան նշեց, որ թերթը կարիքը ունի հետեւողական, նուիրուած եւ կազմակերպուած աշխատանքի, որպէսզի կարելի ըլլայ իրականացնել մամլոյ նպատակներն ու առաքելութիւնը։

Հաւաքին աւարտին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրաոյն վարժարանի աշակերտները շրջագայեցան Ազդակի գրասենեակները, ինչպէս նաեւ տպարանը՝ մօտէն ծանօթանալով տարուած աշխատանքներուն։

Այս առիթով Րաֆֆի Տեմիրճեան Ազդակին յայտնեց, որ Մեսրոպեանի տեղեկատուական-ուսումնասիրական աշակերտական խմբակը յառաջիկային կը միտի դպրոցին մէջ ստեղծել համապատասխան մթնոլորտ՝ հրատարակչական, ուսումնասիրական եւ այլ բնոյթի աշխատանքներով, իսկ հեռակայ առումով՝ մարդուժ պատրաստել լրատուական մարզին մէջ։

Նշենք, որ երեքշաբթի, 27 յուլիսին խմբակը այցելած էր Արարատ օրաթերթ՝ ը ունին երիտասարդ ուժերու եւ Մեսրոպեանի այս նախաձեռնութիւնը էապէս կրնայ ծառայել այդ նպատակին։

Ապա Ազդակի Փիւնիկ սրահին մէջ Ազդակի պատասխանատու խմբագիրներէն Նորա Բարսեղեան ներկայացուց Ազդակի էջերուն բաժանումը, աշխատանքային դրութիւնն ու լրատուական աշխատանքին կարեւորութիւնը։ Բարսեղեան նշեց, որ թերթը կարիքը ունի հետեւողական, նուիրուած եւ կազմակերպուած աշխատանքի, որպէսզի կարելի ըլլայ իրականացնել մամլոյ նպատակներն ու առաքելութիւնը։

Հաւաքին աւարտին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրաոյն վարժարանի աշակերտները շրջագայեցան Ազդակի գրասենեակները, ինչպէս նաեւ տպարանը՝ մօտէն ծանօթանալով տարուած աշխատանքներուն։

Այս առիթով Րաֆֆի Տեմիրճեան Ազդակին յայտնեց, որ Մեսրոպեանի տեղեկատուական-ուսումնասիրական աշակերտական խմբակը յառաջիկային կը միտի դպրոցին մէջ ստեղծել համապատասխան մթնոլորտ՝ հրատարակչական, ուսումնասիրական եւ այլ բնոյթի աշխատանքներով, իսկ հեռակայ առումով՝ մարդուժ պատրաստել լրատուական մարզին մէջ։

Նշենք, որ երեքշաբթի, 27 յուլիսին խմբակը այցելած էր Արարատ օրաթերթ՝ հանդիպում մը ունենալով թերթի գլխաւոր խմբագիր Ահարոն Շխրտըմեանին հետ, որ իր կարգին անդրադարձաւ Արարատի գործունէութեան եւ լրատուական մարզին մէջ նոր տարրեր ներառելու կարեւորութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.