2010-08-05 11:54:46

Մարսիլիոյ Հայոց Հոյակերտ Եկեղեցին Կառուցուած Է 50 Տարի Առաջ ։


Մարսիլիոյ հայոց հոյակերտ եկեղեցին հայկական ճարտարապետութեան յաջող վերարտադրութիւնն է։ Էջմիածնատիպ եւ իսկատիպ իր ոճով՝ այս ուշագրաւ շէնքը քաղաքին բարեզարդութեան նպաստող շինութեանց ցանկին մէջ կը դասուի իրաւամբ։ Շինուած է երջանկայիշատակ բարերար, ասպետ Վահան Խորասանճեանի ամբողջական ծախքովը։ Մարսէյի ամէնէն պերճաշուք ծառուղիին՝ Փրատոյի վրայ, շըրջապատուած ընդարձակ պարտէզով։ Հիմնարկէքը կատարուած է 1928-ին, իսկ բացումն ու օծումը՝ 1931-ին, հոգելոյս Պալաքեան սրբազանի ձեռամբ։ Ճարտարապետը՝ Արամ Թահթաճեան, մեծ արուեստով ու գուրգուրանքով աշխատած է իր այս գողտրիկ գործին վրայ, որ հայկական եկեղեցական ճարտարապետութեան յաջող մէկ վերարտադրութիւնը կը ներկայացնէ ու շօշափելի կերպով կը վկայէ մեր հնամենի արուեստին արժէքին ու գեղեցկութեանը մասին։ Տեղացի թէ օտար այցելուն զմայլանքով կանգ կառնէ անոր ձեւերու ներդաշնակ համեմատութիւններուն եւ գծերու գրաւիչ վայելչութեան առջեւ։ Արտաքուստ, զանգակատունը եւ կաթողիկէ գմբէթը ճոխ կերպով զարդարուած են ոճաւոր ու բազմապիսի քանդակներով։ Վեց մետալիոններու մէջ կը ցուցադրուին մեր եկեղեցական ոճն յատկանշող սրբավայրերու յայտնի նմուշները։ Ոչ նուազ ճոխ են ներքին զարդարանքները։ Եկեղեցին հարուստ է նաեւ արժէքաւոր նկարներով, մեծ մասամբ՝ պելճիքացի վարպետի մը վրձինին արգասիք։ Ուշադրութեան արժանի են մասնաւորապէս երկու մեծ որմանկարներ՝ աջ ու ձախ պատերուն կեդրոնը գրաւող։ Մին կը ներկայացնէ Աւարայրի առաւօտը, ճակատամարտէն առաջ, ուր հայոց նիզակակիր բանակը, իր ներկայութեան Վարդան Սպարապետին եւ Ղեւոնդ Երէցին, երդումի ուխտը կը կատարէ խաչին ու աւետարանին վրայ։ Անոր դիմաց, միւս մեծ որմանկարը, կոգեկոչէ 1915-ի Մեծ եղեռնը։ Տեղահան ու անպաշտպան՝ կիներու եւ երեխաներու հետ, ալեւոր ծերունիներու կարաւանը, կռնակ դարձուցած հայրենի լեռներուն, սպանդի ճամբան բռնած է երկարապատում տողանցքով։ Խորապէս տպաւորիչ նկարներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.