Արցախի նախագահը Կ՛ընդունի Հայաստան Հիմնադրամի Ֆրանսայի Մասնաճիւղի Տնօրէնը։
Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան նախանցեալ օր ընդունած է ,Հայաստան համահայկական հիմնադրամի
հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ, հիմնադրամի Ֆրանսայի մասնաճիւղի տնօրէն Պետրոս Թերզեանը։
Հանդիպման
ընթացքին քննարկուած են ,Հայաստան համահայկական հիմնադրամին կողմէ իրականացուող ծրագիրներուն
վերաբերող հարցեր։
Նախագահ Բակօ Սահակեան գնահատած է Արցախի մէջ հիմնադրամին կատարած
աշխատանքը՝ զայն նկատելով ինչպէս Արցախի ընկերային-տնտեսական զարգացումը խթանող, այնպէս
ալ Հայաստան-սփիւռք կապերը ամրապնդող օղակներէն մէկը։
Հանդիպումէն ետք նախագահ
Սահակեան Թերզեանի հետ մեկնած է Շուշի եւ ծանօթացած՝ հիմնադրամին կողմէ այդտեղ իրականացուող
աշխատանքներուն։