2010-08-04 12:47:40

Վատիկանի Ձայնասփիւռի Տնօրէն Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը ''Չինաստանը Մօտիկ Է'' Վերնագրով։


Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին այս շաբթուայ խմբագրականը նուիրած է Ժողովուրդներու Աւետարանութեան Քահանայապետական Ժողովի Նախագահ Կարտինալ Իվան Տիասի Չինաստանի Եպիսկոպոսներուն յղած նամակին, ներշնչուած այս տարուայ Քահանայական Տարւոյն Թէմայէն։

Ով որ Չինաստանի կը մօտենայ իբր Քաղաքական Խնդրոյ առարկայ կամ պարզ դիւանագիտական յարաբերութիւն պիտի չհասկնայ զայն։

Կարտինալ Տիազը իր նամակին մէջ շեշտը կը դնէ հովուական բնոյթի վրայ` կը խօսի եպիսկոպոսի եւ քահանայի վկայութեան մասին իբրեւ Աստուծոյ Մարդ եւ ուրիշներու նուիրուած, կը խօսի աղօթքի մասին, սուրբ զոհի մասին եւ կը խօսի անշահախնդիր ծառայութեան մասին ի նպաստ փոքրերուն, աղքատներուն եւ մեղաւորներուն, նմանութեամբ Յիսուսի ։

Կարտինալը կը խօսի Սրբազան Քահանայապետի հետ կապին, եկեղեցւոյ մէջ, իբրեւ ՜՜երաշխիք ճշմարտութեան՝՝ առումով ազատութեան մէջ։ Իրենց փորձառութենէն մղուած հաւանաբար Չինաստանի հաւատացեալները եւ հովիւները առաջին գիտակիցներն են այս իրողութեան։ Կարտինալ Տիազը կը խօսի նաեւ եկեղեցական ընտանիքի անդամներու փոխյարաբերութեան մասին, աշխատելով քաջութեամբ եւ համբերութեամբ գերազանցել ներքին բաժանումները։ Արդարեւ բաժանումը հետեւանքն է մեղքին։ Այդ մեղքը - ինչպէս յաճախ կը յիշեցնէ Սրբազան Քահանայապետը - ամենամեծ սպառնալիքն է եկեղեցւոյ։ Ներքին սպառնալիքները աւելի գէշ են քան դուրսէն ակնկալուածները։ Կարտինալ Տիազը կ̓'զրափակէ իր նամակը ըսելով ''Սրբազան Պապը ձեզ կը հրաւիրէ անվախ ընթանալու սրբութեան, միութեան եւ հաղորդութեան ճանապարհին վրայ''։ Կաթողիկէ Չինացի Եպիսկոպոսներուն եւ Քահանաներուն համար ինչպէս նաեւ ընդհանրական եկեղեցւոյ առաքեալներուն համար, ասոնք են առաջնակարգ կէտերը որուն հիման վրայ պէտք է կերտուի ապագան։

Զօրավիգ կանգնինք անոնց, իրենց ընթացած ճանապարհին վրայ, որ պէտք է ըլլայ եւ մերը, կ'եզրափակէ հայր Լոմպարտին իր խորհրդածութիւնը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.