2010-08-04 12:32:17

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը


Չորեքշաբթի 4 Օգոստոս 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներուն Ս. Պետրոս հրապարակին վրայ։

Յայտնենք թէ ներկաներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը դպիրներ են Հռոմ ժամանած՝ տօնախմբելու դպիրներու համաշխարհային շարժումին հիմնադրութեան 50 ամեակը։ Ասոր համար Սրբազան Քահանայապետը, այսօրուայ իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց ՜՜դպիրի դերին եկեղեցւոյ մէջ՝՝ նիւթին վրայ։

Նշենք թէ Ս. Պետրոսի հրապարակը զետեղուած է Սուրբ Դարչիզիոսի արձանը` պաշտպան սուրբը դպիրներուն։ Այդ արձանը երկու տարի առաջ, Զուիցերեայէն մեկնեցաւ, Եւրոպայի զանազան երկիրները այցելելէ ետք այժմ հասած է Հռոմ։ Այս մեծ արձանը կը խորհրդանշէ դպիրներու խոնարհ բայց մեծարժէք սպասարկութիւնը։

Ս. Դարչիզիոսը պատգամաբեր մըն է եւ կը հրաւիրէ մարդիկը ծառայելու Աստուծոյ ու մարդկանց, ամենայն ուրախութեամբ։

Այսօրուայ հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին, Ս. Դարչիզիոսի պրոնզէ արձանը, նուիրուած՝ աշխարհի բոլոր դպիրներուն, պիտի զետեղուի Հռոմի Աբիա Անդիգա փողոցին վրայ, Ս. Գալիսդոյի գետնադամբանին մօտ ( կ'ենթադրուի որ այնտեղ եղած է վայրը Ս. Դարչիզիոսի նահատակութեան) ։

Ունկնդրութեան սկիզբը դպիրներու շարժումի նախագահը զուիցերիացի գերպայծառ Մարթէն Կաշդեր յանուն դպիրներուն ողջոյնի խօսք մը ուղղեց Սրբազան Հօր եւ անոր նուիրեց ճերմակ դաշկինակ մը, յատկանիշը դպիրներու շարժումին։

Եւրոպայի 17 երկիրներէն եկած աւելի քան 53 հազար դպիրներուն ուղղած իր խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ.

՜՜Սիրեցեալ դպիրներ`սպասաւորները սուրբ խորանին, ձեզ մեծ գորովով կ'ողջունեմ եւ կը հրաւիրեմ ձեզ հետեւելու Ս. Դարչիզիոսի օրինակին։ Պատգամը, որ կ'ուզեմ ձեզի ուղղել, թող ընկերակցի ձեզի ձեր կեանքին ընթացքին եւ լուսաբանէ ձեր սպասարկութեան ծառայութիւնը Աստուծոյ ու մարդկանց։ Առաքեալները վկաները եղան Յիսուսին, որովհետեւ Անոր բարեկամներն էին։ Յիսուս էր որ զանոնք ընտրեց։ Դուք եւս մաս կը կազմէք անոր բարեկամութեան։ Երբ կը մասնակցիք ծիսակատարութեան, խորանին ծառայելով, բոլորին կու տաք վկայութիւնը խոնարհութեան, ծառայասիրութեան ու բարի տրամադրելիութեան։

Ձեր աղօթքը, որ այնքան մօտ է խորանին, կու գայ ձեր սրտին խորէն։ Դուք Յիսուսի շատ մօտ կը կանգնիք ։ Հիացէք Յիսուսի բարեկամութենէն եւ մօտիկութենէն։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը եզրափակեց հրաւիրելով զանոնք վառ պահելու իրենց սրտին մէջ Յիսուսի մօտիկութիւնը։ Եւ երբ Եկեղեցիէն դուրս կ'ելլէք (ըսաւ Սրբազան Հայրը) ձեր ընկերներուն ըսէք թէ որքան երջանիկ էք Քրիստոսի հետ ըլլալով եւ Անոր ծառայելով։ Ձեզ ամէնդ կ'օրհնեմ։

Ունկնդրութեան աւարտին դպիրները մեծարեցին Սրբազան հայրը, համերգով մը ,ընկերակցութեամբ՝ Համպուրկէն եկած նուագախումբին։

Այս խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները խնդրելով անոնցմէ որ աղօթեն ՜՜որպէսզի կարենան ճանչնալ ճշմարիտ դիմագիծը Տիրոջ ու զայն սիրեն՝՝ ։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն հրաւիրելով զանոնք մօտենալու ՜՜Ամենասուրբ Հաղորդութեան՝՝ ճշմարիտ սնունդը մեր հոգեւոր կեանքին։

Թող Տէրը առաջնորդը ըլլայ ձեր կեանքին եւ սրտանց ամէնքդ կ'օրհնեմ, ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ եզրափակելով իր խօսքը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.