2010-08-04 12:11:05

Ամփոփ Լուրեր


Իսլամապատ - 1400 անձեր իրենց կեանքը կորսնցուցին եւ 3 միլիոն հոգի տուժեց Փաքիստանի մէջ ողողումներուն պատճառով, UNICEFի հրապարակած տուեալներուն համաձայն։ Կազմակերպութիւնը ահազանգ կը հնչեցնէ, դիտել տալով թէ անտուն մնացած մարդոց թիւը պիտի գերազանցէ մէկ միլիոնը։

Մոսկուա - Արտակարգ վիճակի մէջ հռչակած է երկիրը, Ռուսիոյ նախագահ Տիմիթրի Մետվետեւ, 83 նահանգներու մէջ շարունակուող հրդեհներուն պատճառով։ 34 հոգի իրենց կեանքը կորսնցուցած են։

Փարիզ - Ֆրանսահայ սիրուած երգիչ Մարթէն Եորկանց Արցախի մէջ համերգներ տուաւ։

Մարտունիի, Շուշիի եւ Ստեփանակերտի մէջ կազմակերպուած համերգներով՝ հանդէս եկաւ ֆրանսահայ սիրուած երգիչ Մարթէն Եորկանց, որ 1988էն ետք դարձեալ կը վերադառնար Հայաստան եւ Արցախ։ Արցախի մշակոյթի նախարարութիւնը հրաւէր յղած էր Մարթէն Եորկանցին։ Փորձառու երգիչին ելոյթներուն ընկերացաւ մանկական երգչախումբ։

Նախապէս Մարթէն Եորկանց Երեւան եւ Գիւմրի այցելած էր երկրաշարժի յաջորդող տարիներուն, ու 26 համերգներու շարք մը իրագործած՝ ուրկէ ստացուած հասոյթը տրամադրած էր երկրաշարժէն տուժածներուն եւ մանկական ֆոնտերուն։

Իսդանպուլ - Հայ պատանի մարզիկներ մասնակցեցան ճատրակի ՜՜Թուրքիոյ միջ/ակմբային մրցաշարքին՝՝։

Շիշլիի մարմնամարզական ակումբի ճատրակիստներու խումբի պատանի մարզիկները, Գոնիայի մէջ մասնակցութիւն բերին Թուրքիոյ միջ-ակմբային մրցաշարքին։ Խումբը ցարդ կայացած մրցումներէն կրցած է ապահովել երեք յաղթանակ, երեք պարտութիւն եւ մէկ հաւասարութիւն մը։ Շիշլիի պատանի մարզիկները 10 հոգի են։ 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.